13 Sep 1970 · Scouts
Antranik-Sevan Scouts Summer Camp i Ayntoura-Meten
1970 09 13 AYA Antranik-Sevan Scouts Summer Camp Ayntoura Meten --Summer camp of Andranik-Sevan Scouting and Cubs groups in Ayntoura-Metn village. A new camp site, thanks to their troup leader chief Kevork Santourian. 36 scouts turned the forest into a suitable camp site for ten days. On Sunday, September 13. After noon, parents and relatives started to gather. At 4 o'clock, the scout-promis ceremony took place, after which the results of the lottery were announced. In the evening, the bonfire started, in the presence of scout Federation representatives, and under the auspices of the AGBU-AYA Antranik Football Committee. After his congratulatory speech in Arabic, troup leader Kevork explained to the attendees about the ten days they spent in the camp. Apart from the scouts proram performed, there was the surprise of the day! SDL representative chief Berge Setrakian, who in the name of the federation, awarded Kevork Santourian with the "Wood Badge" of the Geelwill Park, which is considered the highest scouting certificate. Then there were generous donations by nationals and administrations. On behalf of the Football Board, Mr. Mike Oknaian had a note. Then Rev. Kevork Garbisian made the closing note. The wolves camped on September 7-15. 25 cubs followed their report with interest. It is worth congratulating Akella Or. Sona Pancharjian and her cousins, the Muradian sisters.---------*B) The annual big camp of the Antranik-Sevan Girl scouts group took place on September 15-26, 1970, in Ayntoura. Under the leadership of Miss. Maria Bulbulian. On Sunday, September 20, the Kermes-bazaar and firework fair took place under the auspices of Mrs. Armine Setragian. All day Sunday there were games for childrens, as well as an interesting fair, which was joined by Armenian folk songs all day. In the evening, there was a eremony, where Mrs. Setrakian emphasized the importance of the Girl scouts movement for the social formation of girls. At the end of the program, there were hearty donations. ------------A)
Անդրանիկ-Սեւան Սկաուտական և Գայլիկական խումբերու Ամառնային բանակումը Այնթուրա-Մեթըն գիւղին մէջ Սկ. Բանակումի նոր վայր մը, 36 սկաուտներ ամբողջ տասը օր այդ անտառը վերածեցին բանակումի յարմար վայրի մը, շնորհիւ իրենց խմբապետին եղբ. Գէորգ Սանթուրեանին: Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր: Կէսօրէ ետք արդէն սկսած էին հաւաքուիլ ծնողներ եւ բարեկամներ: Ժամը 4ին տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, որմէ ետք յայտարարուցան վիճակահանութեան արդիւնքները: Երեկոյեան սկսաւ խարուկահանդէսը, ի ներկայութեան Սկ. Ֆէտէրասիոնի ներկայացուցիչներուն, եւ հովանաւորութեամբ ՀԵԸի Անդրանիկ ֆութպոլի վարչութեան: Արաբերէն լեզուով բարեգալուստի իր խօսքէն ետք, խմբապետ Գէորգ ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ բանակավայրի մէջ իրենց անցուցած տասը օրերու մասին: Սկաուտական յայտագրէն զատ, կը մնար օրուան աննակնկալը...: Հրաւիրուեցաւ եղբ. Պերճ Սեդրակեան, որ արաբերէն լեզուով ֆետերասիոնի անունով Գէորգ Սանթուրեանին շնորհեց անգլիական Կիլուիլ Քեմբի «Վուտ Պեճ»ը, որ սկաուտական ամէնէն բարձր վկայականը կը համարուի: Ապա տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, ազգայիններու եւ վարչութեանց կողմէ: Ֆութպոլի վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Պրն. Մայք Օգնայեան: Ապա Հոգշ. Գէորգ Ծ. Վարդապետի Պահպանիչով վերջ գտաւ խարուկահանդէսը: Գայլիկները բանակեցան 7-15 Սեպտեմբեր: 25 գայլիկներ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան իրենց բանակումի յայտագրին: Հոս կ'արժէ շնորհաւորել աքելլա Օր. Սոնա Փանճարճեանը ու պալուներ՝ Մուրատեան քոյրերը:------------ *B) Անդրանիկ-Սեւան արենուշական խումբին տարեկան մեծ բանակումը տեղի ունեցաւ 15-26 Սեպտեմբեր 1970ին, Այնթուրայի մէջ: Խմբապետութեամբ Օր. Մարիա Պիւլպիւլեանի: Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Քերմէս-պազարն ու խարուկահանդէսը, հովանաւորութեամբ Տիկին Արմինէ Սեդրակեանի: Կիրակի ամբողջ օրը տեղի ունեցան պզտիկներու վերաբերեալ խաղեր, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական քերմէս մը, որոնց կը միանային ամբողջ օրը հայկական ժողովրդային երգերը: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ խարուկահանդէսը, ուր խօսք առնելով Տիկ. Սեդրակեան շեշտը դրաւ արենուշական շարժումին կարեւորութեան՝ աղջկանց ընկերային կազմաւորումին համար: Յայտագրի վերջաւորութեան եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: (Kh Aug-Oct p380-382)
Provenance
📄 Kh Aug-Oct p380-382