27 Apr 1980 · Humanitarian
APRIL WITH FLOWERS
1980 04 27 “APRIL WITH FLOWERS Organzed by AGBU-AYA Pourasdan Club -----
Ապրիլը Ծաղիկներով ՀԵԸի Բուրաստան Ակումբը, 27 Ապրիլ 1980ին կազմակերպած էր ճաբոնական ծաղկայարդարումի տարեկան աւանդական ցուցահանդէս մը: Ապրիլ ամսուան աւարտին տեղի ունեցած այս ցուցահանդէսը կարելի է համարել պսակումը Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումներուն. Ձեռնարկ մը՝ որ ծաղիկներու միջոցով կը հանդիսանար արտայայտութիւնը կենսունակութեան, սիրոյ պայծառատեսութեան եւ հաւատքի: ------- Ցուցահանդեսին բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի առաւօտեան ժամը 11-ին, Լիբանանի մօտ Ճաբոնի դեսպանի տիկնոջ՝ Տիկ. Հիրոշի Եամակուշիի կողմէ, որմէ ետք Բուրաստանի Վարչութեան ատենապետուհի Տիկ. Արշօ Թիւթիւնճեան ողջոյնի հանդէս եկաւ: Ան ներկայ եղող բազմութեան ծանօթացուց ծաղկահարդարումի վկայականին արժանացող (Բ. Հունձք), թիւով 8 տիկիններ՝ Անահիտ Պասմաճեան, Անի Քվըրեան, Աստղիկ Ապունաեան, Արփի Քեշիշեան, Գոհար Մուրատեան, Սիրվարդ Մուրատեան, Օրդ. Մարալ Քեմանճեան եւ Քոյր Քլէր Մաալուֆ:------- Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումէն ետք, ներկաները դիտեցին շուրջ հիսուն յարդարումները աւարտական բաժնի աշակերտուհիներուն...: (Kh 1980 May p29-30)
Photographs (2)
Provenance
📄 Kh 1980 May p29-30