← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

3 Nov 2015 · Education

AGBU Tarouhy-Hovagimian School Lecture "Hamshen Armenians" by Hamo Mosgofiam

ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան Ծագումով Հայերու Հետքերով Զեկուցաբեր, Համօ Մոսկոֆեան 3 Նոյեմբեր 2015ի ատենամարզանքի պահը յատկացուած էր շահեկան նիւթի մը, որ վերջին տարիներուն իր վրայ կեդրոնացուցած է լուսարձակները, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, նկատի ունենալով անոր ազգային հրատապութիւնն ու ինքնութեան բացայայտումը: Թէեւ այդպիսիներ հայախօս չեն, բայց, օրինակ, համշէնցիները կը խօսին համշէներէն, որ իր բառապաշարով ու դարձուածքներով ձեւափոխուած հայերէն է, յար եւ նման մեր բարբառներէն շատերուն: Այս բոլորին մասին արտայայտուելու, նկարագրելու ու բացատրելու համար, հրաւիրուած էր վարժարանիս 1972ի շրջանաւարտներէն Պրն. Համօ Մոսկոֆեանը, որ վերջին տարիներուն, իր այցելութիւններով, տեսակցութիւններով եւ յարաբերութիւններով, տենդագին եւ յարատեւ աշխատանքի լծուած է, դառնալով ծանօթ անուն մը հայաստանէն թէ Սփիւռքէն ներս:

Photographs (2)