← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

31 Oct 2015 · Scouts

AYA Ant. Antelias Scouts' Season opening

THE AGBU-AYA ANTRANIK ANTELIAS CELEBRATES THE OPENING OF THE 2015-2016 SCOUTS SEASON The opening ceremony of AGBU-AYA Antranik Antelias Scouts’ Movement was held on Saturday,31October 2015, at the AGBU Demirdjian center. The AGBU Marching Band headed the Titers,Brownies, Cubs, Girl Scouts, Scouts, Caravelles and Rovers to the open court of AGBU Demirdjian Center, where a large crowd of attendants applauded the scouts. Sister Alin Ashagerdian in her opening speech wished a successful new season to the Scouts’ Movement. Her speech was followed by AGBU-AYA Central Committee member,Antranik Antelias Executive Committee chairman Vatche Avedikian, the SDL Mount Lebanon representative Ziad Shaker, AEL president Lena Karageozian-Urneshlian. All endorsed their warmest wishes to the AGBU-AYA Antranik Antelias Scouts’ Movement. The AGBU-AYA Central Committee chairman Vicken Cherchian expressed his affection to the AGBU –AYA Antranik Antelias Scouts’ Movement. He added that three prestigious anniversaries are waiting the AGBU-AYA family in the forthcoming year. The AGBU’s 110th, AGBU-AYA’s 85th and the AGBU-AYA Scouts’ Movement 80th anniversaries. Tthe traditional transfer session of the scout groups was held afterwards. A short sketch was performed by the scouts, which was followed by the lighting of the torch by AGBU-AYA Chairman Vicken Tcherchian. The Opening ceremony was concluded with a reception.
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍ -ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ Սկաուտական նոր տարեշրջանի բացումը սովորական հանդիսութեան մը խորհուրդը չ'արտայայտեր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի ժրաջան անդամներուն համար:Անիկա հաշուետուութեան եւ նոր հորիզոններ հատելու յանձնառութիւն մըն է միաժամանակ: Շաբաթ,31 Հոկտեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 5-ին, պատկառելի բազմութիւն մը համախմբուած էր ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնի շրջափակը:Այնտեղ էին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Գործադիր վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ,միութենականներ,ծնողներ,համակիրներ, բարեկամներ: Փողերախումբին կատարողութեամբ յոտնկայս կ'ունդկնդրենք Լիբանանի,Հայաստանի,ՀԵԸ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգները: Քոյր Ալին Աշակերտեանի բացման խօսքէն ետք խօսք առաւ ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Անդրանիկ Անթիլիաս Գործադիր Մարմնի ատենապետ Վաչէ Աւետիքեան (հայերէն եւ արաբերէն): Ան ողջունեց ներկաները, յատկապէս,ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն ու անդամները, «Սքուտ Տիւ Լիպան»ի Լեռնալիբնանանի Շրջանի ներկայացուցիչ Զիատ Շաքէրը, AEL-ի (Ասոսիասիոն Էքլերէոզ Տիւ Լիպան) ընդհանուր քոմիսէր Լենա Գարակէոզեան-Իւրնեշլեանը եւ ներկայները փայլուն եւ արդիւնաւէտ տարեշրջան մը մաղթելով բոլորին: «Սքութ Տիւ Լիպան»ի Լեռնալիբանանի Շրջանի Ներկայացուցիչ Զիատ Շաքէր, դրուատեց Լիբանանի սկաուտական կեանքին մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Սկաուտական Շարժումին գործունէութիւնը: AEL-ի ընդհանուր քոմիսէր Լենա Գարակէոզեան- Իւրնեշլեան նշեց, թէ սկաուտական ընտանիքի աշխատանքները յառաջիկայ տարեշրջանին իբրեւ լոզունգ պիտի ունենայ «միասնական աշխատանք, յանուն աւելի լաւ ապագայի» կարգախօսը: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի իր պատգամին մէջ (հայերէն եւ արաբերէն) գնահատեց անցնող տարուան ընթացքին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլաս Սկաուտական Շարժումի բերի աշխատանքը,: Ան յաջողութիւն եւ նոր վերելք մաղթեց 2015-2016 սկաուտական տարեշրջանին համար, աւելցնելով որ երեք կարեւոր տարեդարձներ կը սպասեն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը յառաջիկայ տասներկու ամիսներուն՝ ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակը, ՀԵԸ-ի հիմնադրութեան 85-ամեակը եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Սկաուտական Շարժումի հիմնադրութեան 80-ամեակը: Խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ փոխանցումներու եւ նոր նշանակումներու արարողութիւնը: Յաջորդական փոխանցումներ տեղի ունեցան դէպի արենոյշական, քառավելական, գայլիկական, սկաուտական եւ երէցական խումբերը: Այս առիթով, ՀԵԸ-Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց ընդհանուր խմբապետ Էտի Թորամանեանը, առ ի գնահատանք՝ երեք տարիներու ընթացքին կատարած նուիրեալ աշխատանքին: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ծափահարութիւններու տակ վառեց խորհրդանշական ջահը: Հանդիսութեան աւարտին մատուցուեցաւ գեղարուեստական փոքր «սքեչ» մը, որուն ընկերակցեցաւ նկարներու ցուցադրութիւն մը: Յիշատակելի այս հաւաքը աւարտեցաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ:

Photograph