4 Nov 2015 · Education
AGBU Schools "OPEN HOUSE" Garmirian School
Հ. Բ. Ը. Մ. ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԲԱՑ ԴՌՆԵՐ 2015 Հ.Բ.Ը. Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Մանկապարտէզի դասարաններուն կազմակերպած «Բաց Դռներ 2015» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 4 Նոյեմբեր 2015-ին: Նմանօրինակ միջոցառումները կը միտին սերտացնել ծնողք-դպրոց փոխ յարաբերութիւնները, առիթ կու տան անոնց մօտէն ծանօթանալու Մանկապարտէզէն ներս կիրարկուող ուսուցման արդիական միջոցներուն ու փոքրիկներուն հետ մասնակցելու դասարանային դասաւանդութիւններուն: Երեխաները հանդէս եկան կոկիկ յայտագրով մը, որ կ'ընդգրկէր հայերէն, անգլերէն և արաբերէն լեզուներով խմբերգներ: Յայտագրի առարտէն ետք, ծնողներն ու հարազատները ուղղուեցան դէպի աշակերտներուն դասարանները և գործնական մասնակցութիւն բերին փոքրիկներու դպրոցական առօրեային ու անոնց գործունէութեան: Բաց դռներու օրը հեզասահ անցաւ և ծնողներն ու ներկաները իրենց հիացմունքն ու գնահատանքը արտայայտեցին վարժարանիս Տնօրէնութեան և Մանկապարտէզի անձնակազմին: Վարձքը կատար բոլորին ու նորանոր յաջողութիւններ: