← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

23 Jun 2015 · Social

"Salto-Youth Euromed Resource Center" meeting AGBU-AYA

«Salto-Youth Euromed Resource Center» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ԵՒ ԾԱՆՕԹԱՑԱՒ Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը.-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ Օրերս Լիբանան գտնուող, Եւրոպական Խորհուրդի կից՝ Երիտասարդ սերունդներու համար աշխատանքի դիրքեր եւ վերապատրաստման ծրագիրներ իրականացնող «Սալթօ-Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեմիրճեան Կեդրոն, ծանօթանալու՝ Հ.Բ.Ը.Մ. եւ Հ.Ե.Ը. մեծ ընտանիքներու երիտասարդական վարչութիւններու գործունէութեանց: 2000-ին ծնունդ առած «Սալթօ- Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութիւնը, մաս կը կազմէ Եւրոպական Խորհուրդի՝ երիտասարդութիւնը ժամանակակից տնտեսական, ընկերային մարտահրաւէրներուն վերապատրաստելու ռազմավարութեան: Այս ծիրին մէջ, ան գործակցութեան կամուրջներ հաստատած է համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ: « Սալթօ – Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Պրիւքսէլ: Ան արդէն իսկ բջիջներ ստեղծած է Եւրոպական Համայնքի տարբեր ոստաններու մէջ եւ դուրս գալով եւրոպական ցամաքամասի սահմաններէն, գործակցութեան նոր եզրեր կը ստեղծէ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Կովկասի երիտասարդութեան հետ: Տասնչորս երկիրներ ներկայացնող «Սալթօ –Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, 22-27 Յունիսի միջեւ, Լիբանանի մէջ ունեցաւ հանդիպումներու, այցելութիւններու խիտ ժամանակացոյց մը, շփումներ ունենալով լիբանանեան տարբեր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու երիտասարդական ներկայացուցիչներուն հետ: 23 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ, կազմապերպութեան պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանի մէջ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ տէր եւ տիկին Ֆետի եւ Լամա Թեպիթներուն, հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՀԲԸՄ ՀԵԸի երիտասարդական զանազան կազմերու վարչական կազմերու հետ, ծանօթանալով մեր միութենական և կրթական ընդհանուր գործունէութիւններուն:

Photographs (3)