26 Jun 2015 · Social
AYA C.C. members meeting Pan Arm. Games Comm. Delegation
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ Համայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի պատուիրակութիւնը Ուրբաթ երեկոյեան ժամանեց Պէյրութ: Պատուիրակութեան դիմաւորեց համահայկական խաղերու Լիբանանի մարմինը, որուն մէջ՝ Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Արթիւր Գունտաքճեան եւ Վաչէ Մելքոնեան: Շաբաթ, 27 Յունիս 2015-ին, առաւօտեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ համահայկական 6-րդ խաղերուն նուիրուած: Կիրակի, 28 Յունիս 2015-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Նահատակաց յուշարձան –Մատուռէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահավառութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, մասնակցութեամբ՝ Հ.Ե.Ը. –ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Մ.Մ.-ի, սկաուտութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վերահսկիչ պալատի եւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, բազմաթիւ պաշտօնական հիւրերու, որոնց մէջ՝ Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը, անդամները եւ հոծ բազմութեան: Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շքեղ ճաշկերոյթ մը, հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի,կազմակերպութեամբ՝ Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին: Ճաշկերոյթին բացման խօսքը կատարեց Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ ատենապետ Կարօ Ճըղըլեանը: