← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

20 Jun 2015 · Cultural

AGBU-Arine Dance perform for "Kibarouna" at Emil Lahoud Center

Հ.Բ.Ը.Մ - Հ.Ե.Ը. «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ « ՔԻՊԱՐՈՒՆԱ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ Շաբաթ, 20 Յունիս 2015, առաւօտեան, Էմիլ Լահուտ սրահին մէջ, ընկերային ծառայութեանց նախարարութեան հովանաւորութեամբ, եւ «Քիպարունա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Մեծ Հայրերու» օրուան նուիրուած հանդիսութիւն մը, առ ի երախտագիտութիւն՝ երէց սերունդին նուիրական ծառայութիւններուն: Այս առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր ներքին ապահովութեան ուժերու նուագախումբին ընկերակցութեամբ ելոյթ ունեցան լիբանանցի երգիչ- երգչուհիներ: Յայտագիրին ամենաոգեւորիչ բաժինը անկասկած Հ.Ե.Ը. «ԱՐԻՆ» պարախումբին ելոյթն էր, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին: Մեր պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանի ղեկավարութեամբ եւ պարախումբի վարչութեան ժրաջան անդամուհիներուն աջակցութեամբ յաջորդաբար կատարեց «Շորոր» (աղջիկներ), «Գողթան» (տղաք), Արամ Խաչատրեանի «Ջրածաղիկներու Պար»ը եւ «Շաւալին՝ խոշիպիլազիք» պարերը: "Kibarouna" Association have organized its annual "Granparants Gratitude" event at "Emil Lahoud" theater. Acompanyied A cultural program was performed by Lebanese singers

Photograph