19 Jun 2015 · Cultural
AYA-Antranik Cultural Committee Lecture Mahir Ozkan
Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՄԱՀԻՐ ԷՕԶՔԱՆԻ ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Բ.Ը.Մ-Ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներուն եւ Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու , միութենականներու, մտաւորականներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու, Ուրբաթ, 19 Յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Համշէնցիները» խորագիրով դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն հիւր դասախօսն էր համշէնցի մտաւորական Մահիր Էօզքան: Ներկաները նախ դիտեցին Համշէնցիներու առօրեան, բարբառը նկարագրող Էօզչան Ալպերի բեմադրած «Մոմի» շարժապատկերը, որմէ ետք Կարօ Աբրահամեան ծանօթացուց Մահիր Էօզքանի հարազատ Համշէնեան բարբառով եւ անձնական յուշերէն մեկնելով, 24 պատմուածքներէ բաղկացած «Համշէնեան Պատմուածքներ – Համշեցնակ Հեքիաներ» խորագիրը կրող գիրքը. Բանախօս Մահիր Էօզքան նկարներու ցուցադրութեան ընդմէջէն եւ Համշէնի բարբառով անդրադարձաւ Համշէնի պատմական զարգացումներուն: Ան ներկայացուց համշէնահայութեան աշխարհագրական տարբեր բաժանումներու մէջ գտնուող համշէնահայութեան կենցաղը, աւանդութիւնները: Էօզքան ընդգծեց, թէ թէ համշէնահայութեան ստուար մաս մը կ՛ընդունի իր ինքնութիւնը առանց բարբառը տիրապետելու, մաս մը, որ կը խօսի համշէներէն, բայց իսլամութիւնը դաւանած է, իսկ մաս մըն ալ քրիստոնեայ են, որոնք նոյնպէս կը խօսին եւ կը պահեն բարբառը: Այս առիթով ան խօսեցաւ համշէնի գործունէութիւններուն մասին` յիշելով Պոլսոյ մէջ գործող «Հատիկ» միութեան աշխատանքը, «Կոր» ամսագիրը, տարբեր հրապարակումներ եւ մինչ օրս եղած հրատարակութիւնները, «Վովա» երգ ու պարի համոյթը: Գնահատելի այս նախաձեռնութեան աւարտին, Հ.Ե.Ը. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան երախտիքի յուշանուէր մը փոխանցեց մտաւորական Մահիր Էօզքանին: