11 Sep 1954 · Governance
1954 Sep 11-12 (1st Day) AGBU-AYA Lebanon and Syria Inter-Chapter meeting and Sports Festival in Zahle
֎1954 Sep 11-12 AGBU-AYA Inter-Chapter Gathering was held in Zahle … This Gathering have had an appropriate impact due to the new situation facing the sports and cultural associations in Syria, and the unpleasant misunderstanding in Zareh Noubar club. The two-day program included A) The Conference with the participation of AGBU-AYA Lebanon and Syria chapters. The Conference held in two sessions Saturday and Sunday. Participant ten chapters were: Beirut, Aleppo, Damascus, Tripoly, Zahle, Jarablous, Ayn Arous, Yacoubiyeh, Tel Abiad and Raqqa. The Conference mainly focused on the preparations of the 3rd General Assembly that was scheduled to be held on 19-22 November, in Aleppo. The next issue was, the current activities and programs in Zareh Noubar, Zahle and Tripoly chapters that was very encouraging in cultural, social and sports various events that have reported by the mentioned representatives. The AGBU-AYA chapters in Syria are getting well adopted to the new rules of the youth association applied by the Syrian Youth Ministry, and most of the chapters have renewed their sport and cultural licenses, and having their cultural and sportive activities as before…” “…. The sports games: Football, Basketball, Volleyball, Ping-pong and Body-building matches were a total success with an enthusiastic public sports fans that attended matches all the way…” «ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Զահլէի «Միջմասնաճիւղային հանդիպումները տեղի ունեցան 1954 Սեպտեմբեր 11 և 12, Շաբաթ և Կիրակի օրերը»: (Ստորեւ Տեղեկագիրը յապաւումներով) **ՀԲԸՄիութեան ՀԵԸնկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կազմակերպուած այս տարուան Միջ մասնաճիւղային հանդիպումները կը ներկայացնէին բացառիկ հանգամանք մը»: «ՀԵԸի Սուրիոյ և Լիբանանի մէջ, ներքին ու արտաքին կարգ մը պատճառներով, անցուց բաւական լուրջ տագնապ մը: Սուրիոյ մէջ՝ Միութիւններու վերաբերեալ օրէնքներու փոփոխութեան և խստութեան հետեւանքով,...«....նաեւ Պէյրութի Զարեհ Նուպար Ակումբը, կարգ մը ժխտական ուժերու կատարած տխուր աշխատանքին հետեւանքով»: «....Հաճոյքով պէտք է հաստատել թէ անցնող եղանակին Սուրիոյ և Լիբանանի մեր մասնաճիւղերէն շատեր ոչ միայն վերականգնումի յաջող ծրագիրներ իրագործեցին, այլ և նախորդ փայլուն շրջանները յիշեցնող խանդավառ և բեղուն գործունէութիւն մը ունեցան: Սուրիոյ մէջ, նոր օրէնքներու պահանջներուն համաձայն, կանոնագրութեանց վերակազմութեան և արտօնութեանց վերահաստատման հետեւանքով Հալէպի և Դամասկոսի մասնաճիւղերը սկսան կազմակերպչական եռանդուն գործունէութեան մը: Նոյն շրջանին Պէյրութի Զարեհ Նուպար Ակումբը, սքանչելի ինքնամփոփումով մը, վերանորոգման ենթարկելով իր մասնաճիւղը, վերելքի փայլուն շրջան մը բոլորեց, իր շուրջը համախմբելով մեծ թիւով գիտակից երկսեռ անդամներ, համալսարանական ուսանողներ, և ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն մը՝ ընկերային, տնտեսական, մշակութային և մարզական մարզերու մէջ»: «Դամասկոսի, Զահլէի, Թրիփոլիի և Հալէպի մասնաճիւղերը վերջին տարիներուն օժտուած ըլլալով յարաբերաբար աւելի ներկայանալի և ընդարձակ ակումբներով, կրցան արձանագրել ընկերային, մարզական և մշակութային աւելի ծաւալուն գործունէութիւններ»: ** ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԵՐ «Հանդիսութիւնները կը հովանաւորէին Տեարք՝ Ժորժ Հրաուի (Ներքին Գործոց Նախարար), Ժոզէֆ պէյ Սքաֆ (Պէքաայի Երեսփոխան) և Հալէպի Սպայակոյտի պետ Գնդ. Ալպէր Քիլէճեան: Կը Նախագահէին ՀԲԸ Միութեան Եգիպտոսի Պատ. Կեդրոնական Յանձնաժողովի Փոխ Ատենապետ Տոքթ. Խ. Սողիկեան Պէյ, Լիբանանի Շրջ, Յանձնաժողովի Ատենապետ Տիար Ե. Տէմիրճեան և Գանձապահ Տիար Լ. Նազարեան»: «...Ն.Վ. Ներքին Գործոց Նախարարը իր ներկայութեամբ պատուեց ֆինալի մրցումները և նկարուեցաւ Օրիորդներու և Երիտասարդներու մրցորդ խումբերուն հետ: Նախագահեց պարահանդէսին, և անձամբ բաժնեց յաղթական խումբերու բաժակները: Երեսփոխան ժոզէֆ Պէյ Սքաֆ ներկայ եղաւ ֆինալի մրցումներուն, և նկարուեցաւ աղջկանց և մանչերու խումբերու հետ: Գնդապետ Ալպէր Քիլէճեան ներկայ գտնուեցաւ մեր բոլոր ձեռնարկներուն և քաջալերեց խանդավառ երիտասարդութիւնը»: «Անդամական Ճաշկերոյթին, ֆինալի մրցումներուն և պարահանդէսն ներկայ եղան, նաեւ Պէքայի շրջանէն և Զահլէէն Պետական և զինուորական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Պատ. Շրջ. Յանձնաժողովի անդամներ, Պէյրութէն, Հալէպէն, Դամասկոսէն և այլ շրջաններէ ծանօթ ազգայիններ իրենց ընտանիքներով, ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, բոլոր մասնաճիւղերու գործադիր Մարմիններու և Տեղական Վարչութեանց երկսեռ անդամները, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր օտար և մեր ազգի հանդիսականներ»: **ՄԻՋ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ... ա) Խորհրդակցական Ժողովներ, բ) Միջ մասնաճիւղային մարզական մրցումներ, և գ) Ընդհանուր ձեռնարկներ: **«Միջ մասնաճիւղային խորհրդակցական ժողովները տեղի ունեցան Շաբաթ և Կիրակի օրերը, երկու յաջորդական նիստերու մէջ: Խորհրդակցական այս ժողովներուն կը մասնակցէին Կեդրոնական Վարչութեան անդամները և ՀԵԸի 10 մասնաճիւղերու Տեղական Գործադրիր Մարմինները և Տեղական երկսեռ վարչութիւններու Դիւանի անդամները, որոնց ընդհանուր թիւը 52 հոգիէն աւելի էր: Ժողովներուն մասնակցող մասնաճիւղերն էին, Պէյրութ, Հալէպ, Դամասկոս, Թրիփոլի, Զահլէ, Ճարապլուս, Այն Արուս, Եագուպիէ, Թէլ Ապիատ և Ռագգա: ...» **«1)«Յառաջիկայ Նոյեմբեր 19-22ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ Պատգամաւորական Ժողովը, Հալէպի մէջ: Այդ առիթով ժողովին օրակարգերը պիտի պատրաստուին կանուխէն.....» **«5)Զարեհ Նուպար Ակումբի Քարտուղար՝ Պրն Հ. Թորոսեան զեկուցումը ըրաւ Սուրիոյ հեռաւոր մասնաճիւղերը կատարած իր քննական պտոյտին... իր այցելած մասնաճուղերուն մասին ա) ԵԱԳՈՒՊԻԷ, բ) ՃԱՐԱՊԼՈՒՍ, գ) ԱՅՆ ԷԼ ԱՐԱՊ, դ) ԹԷԼ ԱՊԻԱՏ, ե) ԱՅՆ ԱՐՈՒՍ, զ) ՌԱԳԳԱ....» Բ.- ՄԻՋ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ «Կարելի է անվարան ըսել թէ ՀԲԸՄիութեան ՀԵԸնկերակցութեան Զահլէի Մասնաճիւղայինն Հանդիպումն ու Մարզական Մրցումները, ամբողջական յաղթանակ մը եղաւ կազմակերպութեան Ղեկավարներուն և Մարզիկներուն համար: Ան հանդիսացաւ նաեւ ժողովրդային խանդավառ վայելք մը: Մրցումներուն կը մասնակցէին հինգ Ակումբներ, որոնք բերած էին սքանչելի երիտասարդութիւն մը, Հայեցի դաստիարակութիւն տեսած, բարեկիրթ և մարմինով ու հոգիով իրական մարզիկներ»: **ՄԻՋ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ.- «Տեղի ունեցող ութը տեսակ մրցումներու յաղթականներուն տրուեցաւ մէյ մէկ բաժակ, հետեւեալ կերպով: 1) Պասքէթպոլ-մանչեր՝ Հալէպ: 2) Պասքէթպոլ-աղջիկներ՝ Պէյրութ: Վոլիպոլ-մանչեր՝ Զահլէ: Վոլիպոլ-աղջիկներ՝ Պէյրութ: 5) Ֆութպոլ՝ Հալէպ: 6) Փինկ-փոնկ՝ Պէյրութ: 7) Հեծանիւ-Պէյրութ: 8) Մարզուած մարմին՝ Պէյրութ: Ութը մրցումներու մէջ հինգին առաջնութիւնը Պէյրութը շահած ըլլալով Միջ մասնաճիւղային Մարզական մրցումներուն ախոյեանութեան բաժակը տրուեցաւ Պէյրութի մասնաճիւղին»: Գ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ.-«Այս տարուայ Զահլէի Միջ մասնաճիւղային հանդիպումը, բացի ժողովներէ և մարզական մրցումներէ, ճոխացած էր նաեւ կարգ մը ընդհանուր ձեռնարկներով»: «...ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ.- Զահլէի մասնաճիւղը, հաճելի անակնկալ մը ըրաւ՝ ներկայացնելով «ՉԱՐՇԸԼԸ ԱՐԹԻՆ ԱՂԱ» զաւեշտը, ....**«ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ.- Կիրակի կէս օրին, ամէն ոք յոգնած, հանգիստի և ճաշի համար կը հաւաքուէր Ուատիի վերի սրճարանը, ...» **ՀԵԸի ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ.- Մրցումներու աւարտումէն ետք, Ղեկավարներ, Մարզիկներ և անդամներ խումբ խումբ դիմեցին Քատիրի պարտէզները, ուր արդէն ընտրանի բազմութիւն մը լեցուած էր, վայելելու համար ի պատիւ ՀԵԸի մարզիկներուն և անդամներուն սարքուած պարահանդէսին կենսունակ մթնոլորտը: Պատուոյ սեղանը զարդարուած էր յաղթական խումբերու յատկացուած տասնեակ մը բաժակներով և գոյնզգոյն ճաշակաւոր ծաղիկներով: Նախագահութեան աթոռին վրայ նստած էր Ներքին Գործոց Նախարար Ն.Վ. Տիար ժորժ Հրաուի, իր ազնիւ տիկնոջ հետ, շուրջը ունենալով Գնդ. Ա. Քիլէճեանը, Զահլէի և Պէքայի շրջանի զինուորական և քաղաքական բարձրաստիճան ղեկավարներ՝ իրենց Տիկիններով, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄիութեան և ՀԵԸնկերակցութեան Պատ. Շրջ. Յանձնաժողովէն և Կեդրոնական Վարչութիւնէն ներկայացուցիչներ»: ...**«ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ.- Այն վայելքը որ տուաւ Բարեգործականի Երիտասարդ Սերունդը Զահլէի բնակչութեան, Սուրիոյ և Լիբանանի զանազան վայրերէն հոն փութացող հանդիսատեսներուն, լաւ յիշատակ մը պիտի ձգէ բոլորին միտքերուն մէջ, տալով այն հաւաստիքը թէ՝ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ ՀԲԸՄիութեան ազգանուէր ոգիով կաճի նոր և առողջ սերունդ մը, որ պիտի նպաստէ ազգապահպանումի մեր մեծ ճիգին»: (AGBU-AYA office archive documents)