15 Apr 2015 · Education
AGBU 109 years at AGBU Boghos K. Garmirian school
Արդէն 109 տարի անցած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրումէն, 109 տարի ազգի ծառայութեան նուիրուած բեղուն գործունէութիւն, որուն դիրքորոշումն ու նպատակը` Պօղոս Նուպար Փաշայէն մինչեւ Պերճ Սեդրակեան, միշտ մնաց կայուն. ամէն կերպ օժանդակել հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Միութեան տարեդարձը նշելու, անոր յարաճուն գործունէութեան ու նուաճումներուն մասին աշակերտութեան ունեցած տեղեկութիւնները անգամ մը եւս թարմացնելու միտումով, ելոյթ ունեցաւ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչ Անի Թորանեանը: