← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

14 Apr 2015 – 15 Apr 2015 · Education

2015 Apr 15 AGBU Schools Celebrating AGBU's 109th Anniversary

ՀԲԸՄի երեք Վարժարաններու մասնակցութեամբ ՀԲԸՄի 109 ամեակի նշանակելի նշում Այս տարի, ՀԲԸՄիութեան հիմնադրութեան 109րդ տարեդարձը ճոխ եւ իւրայատուկ էր, որովհետեւ անոր նշումը ոգեկոչուեցաւ դրօշակային արարողութեամբ, խօսքային ու գեղարուեստական արտայայտութիւններով, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած հարցարանային գրաւոր մրցանքով, մարզական խաղաձեւերու կատարողութեամբ և մրցանակներու բաշխումով: *14 Ապրիլ 2015ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 109ամեակի նուիրուած Ատենամարզանք: Պրն. Տնօրէն՝ Արա Վասիլեանի կողմէ պատրաստած այս յայտագիրը, իր շինիչ բացատրութիւններով ու տեսաերիզային մատուցումներով, կրցաւ Բարեգործականի ծննդոցին ու պատմութեան, գործընթացին եւ կեանքին պատկերաւոր ու պերճախօս վկայութիւնը փոխանցել, Միութեան իւրաքանչիւր նախագահի եւ անդամի բերած ներդրումներով ու նպաստներով: Լուսանկարներու ընդմէջէն, Պրն. Վասիլեան, խօսեցաւ Բարեգործականի պատմական զանազան եւ յաջորդական հանգրուաններուն մասին - ՀԲԸՄիութեան 109 տարեդարձին առիթով, 15 Ապրիլին, մանկապարտէզի երեխաները առաջնորդուեցան Սին Էլ Ֆիլի հանրային պարտէզը, բնութեան ծոցին մէջ անցնելու այդ օրը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ ծնողներ ու բարեկամներ: Երեխաները մեծ գոհունակութեամբ, իբրեւ ձեռային աշխատանք, պատրաստեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը խորհրդանշող կրծքազարդը, զայն նուիրելով իրենց ծնողներուն:

Photographs (4)