← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

30 Oct 2015 · Social

AYA Ant-Sevan "Halloween" event

ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆԻ HALLOWEEN-Ի ԵՐԵԿՈՆ «Halloween»ը կը մնայ կաթողիկէ աշխարհի տօն: Վաղ Աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ ընդունուած է նշել « Halloween» ը: Փոքրերու համար տօնը այլ բնոյթ ունի՝ երեխաները պարկերը ձեռքներին, դիմակաւորուած, բնակարանները կը շրջին « Halloween»ի տօնը կը բնութագրուի նաեւ դդումով: Զայն կը ձեւաւորեն վախ յառաջացնող դէմքով եւ կը լուսաւորեն մոմերով: Նախորդ տարիներուն նման, աս տարի եւս ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան խմբապետական կազմին նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Halloween»ի յիշատակելի երեկոյ մը: Տարբեր դիմակներով, տարազներով «կերպարանափոխուած» հարիւր եւ քսանէ աւելի երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, զարդարուած սրահին մէջ,խանդավառ մթնոլորտի մէջ բոլորեցին ուրախ պահեր:Սրահի մուտքին պատրաստուած էր նկարուելու յատուկ խցիկ մը, ուր բոլոր ծպտեալները ունեցան յիշատակի նկար վերցնելու առիթ: Օրուան լաւագոյն «ծպտեալը» արժանացաւ Azadea հաստատութեան տրամադրած յիսուն հազար լիբ.ոսկի արժող տոմսին: Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն: