8 May 2015 · Scouts
Antranik Sevan scouts Armenian. Genocide Lecture AGBU-AYA Z. Movsesian Center
2015 May 8 Antranik Sevan Arm. Genocide after 100 years by Dr. J.A. Elie & Gilles Elias Harb
Ուրբաթ, 8 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ. «Զապէլ Մովսէսեան» սրահին մէջ , Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Սեւանի վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը: Հանդիսութեան հրաւիրուած երկու դասախօսներ, լաւապէս իւրացուցած ըլլալով հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով, առարկայական մօտեցումով վերլուծեցին Երիտթուրքերու կողմէ հայ ժողովուրդը բնաջնջումի ենթարկելու ծրագիրին պատճառները: Անոնք շեշտեցին, թէ անպատիժ ցեղասպանութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի դառնայ նոր ցեղասպանութիւններու եւ մարդկային ողբերգութիւններու պատճառ եւ վկայակոչեցին Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Լեհաստան ներխուժելու միջոցին, Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը շահարկելու Ատոլֆ Հիթլէրի տխրահռչակ յայտարարութիւնը: Բանախօսները նշեցին, թէ անհրաժեշտ է յարատեւ եւ հետեւողական աշխատանքով հետապնդել պահանջատիրական պայքարը եւ հատուցում պահանջել յանցագործէն: Անոնք նաեւ անդրադարձան ազգային ինքնութիւնը օտար ոստաններու մէջ պահպանելու հայ ժողովուրդին մղած պայքարին: Զոյգ դասախօսները սահիկներու միջոցով վիճակագրական, փաստագրական տեղեկութիւններ փոխանցեցին ներկաներուն: Հանդիսութեան աւարտին հետաքրքրական զրոյց մը տեղի ունեցաւ ներկաներուն եւ դասախօսներուն միջեւ, որոնք պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն: