← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

28 Sep 2015 · Education

AGBU Schools New Simester

ՎԵՐԱՄՈՒՏ Խանդավառութեան ու Վճռակամութեան Տրամադրութիւններով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի սեփական երեք վարժարանները՝ Դարուհի-Յովակիմեան, Լեւոն Կ. Նազարեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի դռները լայնօրէն բացին ուսումնատենչ աշակերտութեան առջեւ: Նախորդ տարեշրջանի բարեյաջող աւարտէն եւ ամառնային հանգստացնող արձակուրդէն ետք, ահաւասիկ դպրոցական ղօղանջները կը հնչեն, տնօրէնութիւնը ու դիւանային գրասենեակները անխոնջօրէն կը գործեն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ոգեւին կը դասաւանդեն, աշակերտ-աշակերտուհիները ուսումնառական մեկնարկի մէջ են, միով բանիւ: Վարժարանները, իրենց դասարաններով, միջանցքներով, բակերով ու բաժանմունքներով... «կենդանացած» են:

Photographs (2)