← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

30 Aug 2015 · Scouts

Antranik-Sevan Summer Camp joint Bonfire

Կիրակի, 30 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Լեռնալիբանանի Շպենիյէի գեղատեսիլ ամարանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի տարեկան խարուկահանդէսը: Նախքան խարուկահանդէսը, երեք շաբաթներու վրայ երկարող, Սկաուտական Շարժում, Ծնողաց Վարչութիւն եւ կամաւոր սատարողներու միասնական ջանքերով գնահատելի այս բանակումը թեւակոխած էր իր վերջին ժամերը: Հասած էր երկար սպասուած խարուկահանդէսի օրը: Հանդիսաւոր այս արարողութեան ներկայ կը գտնուէին, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Վիգէն Չերչեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, արտասահմանէն ժամանած հիւրեր, Հ.Ե.Ը-Ադրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի, ծնողաց վարչութեան անդամներ, ծնողներ, հարազատներ, Հ.Ե.Ը-ի զանազան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ: Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբին հնչիւններուն տակ, Լիբանանի, Հայաստանի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յանուն Հ.Ե.Ը- Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումին եղբայր Սեւակ Ապատեան Հայերէն, Գարին Առաքելեան, Արաբերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն: Սեւան Գործադիր Մարմինի ատենապետ, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Թելվիզեան ողջունեց նեկաները եւ արժեւորեց Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումին գործունէութիւնը, մաղթելով նորանոր նուաճումներ: Հ.Ե.Ը.- Վեթերան Սկաուտներու վարչութեան ատենապետ՝ քոյր Մայտա Քիւրեճեա վեթերան Սկաուտներու հետ յիշատակի վզնոցով մը պարգեւատրեց հիւրաբար Լիբանան գտնուող Հ.Ե.Ը.- Սկաուտական Շարժումի երախտաւորներէն եղբայր Սեպուհ Պաղտոյեանը: Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Վիգէն Չերչեան շնորհաւորեց Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումը՝ բանակումին արձանագրած յաջողութեան առիթով եւ հաւաքական աշխատանքով վերելք մաղթեց Հ.Ե.Ը.-ի բոլոր միաւորներուն: Հերթաբար հրաւիրուեցան Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Վիգէն Չերչեան, Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սեւանի նախկին երախտաւոր խմբապետներ Գէորգ Սանթուրեան, Յակոբ Թելվիզեան, Սեպուհ Պաղտոյեան եւ Հայկ Կոճիկեան վարելու խարոյկը: Գեղեցիկ եւ տպաւորիչ այս մթնոլորտին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական գնահատելի յայտագիր մը: Հայ բանաստեղծութեան, գոհարներէն քառեակներ, հայերէն՝ ժողովրդային եւ ազգային երգեր, «սքեչ»ներ, յաջորդեցին զիրար, արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն: Ուրախ եւ հաճելի այս մթնոլորտին մէջ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի տարեկան բանակումը վերջ գտաւ հայրենասիրական երգերու խմբային կատարողութեամբ եւ տօնական հրավառութեամբ:

Photographs (9)