13 Feb 1958 · Cultural
1958 Feb 13: “VARTANANTS WAR” Debate organized by the AGBU-AYA Zareh Noubar Cultural Committee.
1958 Feb 13: “VARTANANTS WAR” Debate organized by the AGBU-AYA Zareh Noubar Cultural Committee. The Debate has started with listening to H. Berberian’s Cantata. Mr. Mantossian delivered the opening speech, after which Mr. Sarkis Minasian and Mr. M. Bouldoukian recited and read “Vartanats” related poems. Mr H. Adjemian was hosting the Debate. Political, social, religious and historical questions about Vardanants were asked. One of the main questions was whether Vasak was a traitor or not! Questions have been discussed by Rev. Mesrob Vartabed Krikorian, Mrs Siran Seza, Mr. Simon Simonian and Mr. Kersam Aharonian. Finally, Concluded by Mr. Onnig Sarkisian saying “Till now There are Vasaks among our people, which should be punished, for future generations should not condemn us!”
«Կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի Մշակութային Յանձնախումբին «ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ Հարցերու Քննարկում» Հինգշաբթի 13 Փետրուար 1958, Զարեհ Նուպար Ակումբին մէջ: Հարցերը Քննարկողներ՝ Մեսրոպ Վրդ. Գրիգորեան, Տիկին Սեզա, Պրնք. Սիմոն Սիմոնեան, Գերսամ Ահարոնեան: «...Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ. Պէրպէրեանի «Վարդանանց» քանթաթի ունկնդրուլեամբ: Երաժշտութեան աւարտումէն ետք յնձնախումբի ատենապետ՝ Պրն. Տ. Մանտոսեան կատարեց բացման խօսքը, որուն յաջորդեց Պրն. Սարգիս Մինասեանի կողմէ Վ. Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» կտորին արտասանութիւնը. Յետոյ Պրն. Մ. Պուլտուքեան կարդաց Եղիշէի «Վարդանի Ճառը»: Ապա Պրն. Սէմէրճեան վարեց ասուլիսը: Հարցուեցան՝ Վարդանանցի վերաբերեալ քաղաքական, ընկերային, կրօնական և պատմական հարցուներ: Կարեւոր հարզումներէն մէկն էր Վասակի դաւաճան կամ անմեղ ըլլալը: «...Պրն. Ս. Սիմոնեան.- Վասակ Սիւնի մինչեւ վերջ ազատագրական շարժումի կողմնակից եղած է: Վասակ Պարսից արքային ղրկուած նամակը իր սեփական կնիքով կնքելէ զատ՝ Վարդան Մամիկոնեանի դէպի արեւմտեան Հայաստան գաղթը արգիլած էր...» «Հոգեշ. Տ. Մեսրոպ վրդ.- Վասակ ոչ միայն հայ ժողովուրդի կողմէ դաւաճան նկատուած է, այլեւ իբրեւ այդպիսին դատապարտուած է իր օտար տէրէրուն կողմէ...» «Տիկ. Սեզա.- Հայերուս մօտ հակաճառելու բնազդը զօրաւոր ըլլալուն՝ նման հարցեր միշտ կը յարուցուին: Վասակ հակառակ որ դաւաճան մըն է. Ի նպաստ իրեն քանի մը արդարացումներ ունի: Պրն. Գերսամ Ահարոնեան.- Քաղաքական հաշիւներով, Վասակին իրաւունք պիտի տայի: Քանի ժողովրդեան փրկութիւնը գերագոյն օրէնք է, ներելի է ժողովուրդը փրկելու համար որեւէ միջոցի դիմել...» Ի վերջոյ հրաւիրուեցաւ Պրն. Օննիկ Սարգիսեանը, որ եզրափակեց օրուան հանդիսութիւնը, ան ըսաւ թէ մինչեւ օրս մեր ժողովուրդին մէջ կան Վասակներ, զորս պէտք է պատժել գիտնալ: պէտք է մենք այս բանը ընենք, որպէսզի ապագայ սերունդները մեզ չդատապարտեն»: (1958 Feb Zartonk)
Provenance
📄 1958 Feb Zartonk