18 Apr 1959 · Education
1959 Apr 18 AGBU-AYA University students Lecture
*389►1959 Apr 18: 1959 Apr 18 Organized by AGBU-AYA Univ students union, Lecture entitled “Problems are facing the Armenian Youth” The speakers Vahe Puzantian Parounag Tovmasian Ara Topdjian, raized national, political, educational, sociological, sexual, and psychological issues. In his opening note, the Union’s committee chairman, Mr Zaven Meserlian, said, “To days’ topics are concerns of the Armenian youth of Diaspora in general, for all categories, based on education, age, idea or gender. The first speaker, Mr. Ara Topdjian, stressed that youth is an independent value and not just a haven in transforming period to adulthood! No force can impose itself when it is not organized. Youth clubs should not be isolated from the outside world; and the social issues need to be studied realistically. Dr Vahe Puzantian spoke about the importance of sexual and psychological issues in personality formation! The third speaker Mr. Parounag Tovmasian said, “ Every young man should feel the need to serve his community, via an association. The AGBU is the best!
ՀԵԸ-ի Հայ Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան վարչութիւնը կազմակերպած էր «Հայ Երիտասարդութիւնը դիմագրաւող հրատապ հարցեր» նիւթով ասուլիս մը, որ կ'ընդգրկէր ազգային, քաղաքական, կրթական, ընկերաբանական, սեռային ու հոգեբանական հարցեր: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 18 Ապրիլ 1959, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Զարեհ Նուպար ակումբին մէջ, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան: Հանդէսին բացումը կատարեց միութեան ատենապետը, Պրն. Զաւէն Մսըրլեանը, որ ըսաւ թէ, Թէեւ համալսարանականներու յատուկ միութիւն մըն է իրենցը, սակայն օրուան նիւթը կը վերաբերի համայն սփիւռքահայ երիտասարդութեան՝ առանց սեռի, ուսումի, տարիքի, գաղափարի ու յարանուանութեան խտրութեան: Մասնաւորաբար շեշտեց ազգապահպանման կարեւորութիւնը և այդ կենսական հարցին մէջ հայ երիտասարդին դիմագրաւած հարցերը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան առաջին բանախօսը, Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրդ. Վարժարանի տնօրէն Պրն. Արա Թոփճեանը, որ իմաստալից ու դաստիարակիչ ակնարկ մը նետեց հայ երիտասարդութեան վրայ: Պրն. Թոփճեան շեշտեց թէ երիտասարդութիւնը ինքնուրոյն արժէք մըն է, և ոչ թէ միայն հանգրուան մը դէպի հասուն տարիք...» «Ոչ մէկ ուժ կրնայ պարտադրել ինքզինք՝ երբ կազմակերպեալ չըլլայ: Ան շեշտեց թէ «առանձնարանի» վերածուելու չեն երիտասարդական ակումբները, այլ հարկ է որ մարդկային հարցերը իրապաշտօրէն ուսումնասիրուին»: «...Միութեան ատենապետը կարդաց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի նամակը՝ ուղղուած միութեան, այս վերջնոյն կողմէ ղրկուած շնորհաւորական նամակին որպէս պատասխան: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան երկրորդ բանախօսը Տոքթ. Վահէ Բիւզանդեանը, որ անդրադարձաւ սեռային ու հոգեբանական հարցերու կարեւորութեան, անհատականութեան կազմաւորման տեսակէտէն...»: «...Երրորդ բանախoսը Բարունակ Թովմասեան՝ «...Երբ երիտասարդ մը պէտքը զգայ ծառայելու իր ժողովուրդին՝ պէտք է ընտրէ որոշ կազմակերպութիւն մը: Լաւագոյնն է ՀԲԸՄիութիւնը: Յաճախ կ'ըսեն թէ, աւելցուց յարգելի բանախօսը, ՀԲԸՄիութիւնը «չեզոք» է. Այդ բառը անտարբերութիւն կ'ենթադրէ, մինչ Բարեգործականը յստակ կեցուածք մը ունի ազգային իրականութեան հանդէպ...» «Հարկ է որ սփիւռքահայ նոր սերունդը վարէ ապաքաղաքական կեանք մը (միջազգային քաղաքական առումով) ապա թէ ոչ կրնանք մեր գոյութիւնը վտանգել գաղութներու մէջ, սակարկութեան ապրանք կ'ըլլանք ու մեր իրաւունքները կ'ոտնակոխուին...: (1959 AprZa article and Inv card)
Photograph
Source documents
Provenance
📄 1959 AprZa article and Inv card