23 Apr 1959 · Education
1959 April 23 The AGBU-AYA University Students Union has organized The Commemoration dedicated to the Armenian Genocide Martyrs
1959 April 23 The AGBU-AYA University Students Union has organized The Commemoration dedicated to the Armenian Genocide Martyrs, presided by Rev. Kevork Vartabed Garbisian, in the Zareh Noubar club. In his opening note, The chairman Mr. Zaven Meserlian said, “April 24 has a new meaning for the youth, which drives the new generation to defend the sacred heritage of our martyrs! to be a defender of the sacred tradition, ideals and principles of our martyrs”. After a poem recited by Knarig Koundakdjian and a song by Sahag Khatchadourian, The Key speaker Mr. Onnig Sarkissian had an impressive speech, giving a historical overview of the events of the eve of April 24, and then referring to the implementation of the plan of extermination by the Turks! The closing note was by Rev. Garbisian.
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Հայ Համալսարանական Ուսանողաց Միութիւն Ապրիլեան Սգատօն: «ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Հայ Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ 23 Ապրիլ 1959, Զարեհ Նուպար ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Նահատակներուն նուիրուած յուշատօնը, նախագահութեամբ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Կարպիսեանի: Հանդէսը բացաւ միութեան ատենապետ Պրն. Զաւէն Մսըրլեան, որ յատկապէս ըսաւ թէ օրուան հանդէսը թէեւ սովորաբար կը կոչուէր «սգատօն», բայց աւելի յարմար էր զայն կոչել «յուշատօն»: Ան ըսաւ թէ հայ երիտասարդութեան համար Ապրիլ 24-ը զգեցած է նոր իմաստ մը, որ կը մղէ նոր սերունդը պաշտպան հանդիսանալու մեր նահատակներու սրբազան աւանդին, իտէալներուն և սկզբունքներուն: Իսկ մեր վրէժը մասամբ լուծուած է՝ Հայկական Հանրապետութեան սրտապնդիչ նուաճումներով: Բացման խօսքէն ետք, Օր. Քնարիկ Գունտաքճեան յուզումով արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այնտեղ» քերթուածը, որուն յաջորդեց Պրն. Սահակ Խաչատուրեանի կողմէ «իմ այրուող վշտից» մեներգը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Պրն. Օննիկ Սարգիսեանը, որ յայտնեց թէ աւելի լաւ պիտի ըլլար որ յետայսու «նոր սերունդական» մը խօսէր Ապրիլ 24-ի մասին և իրենք՝ երէցները մտիկ ընէին: Յարգելի բանախօսը պատմական ակնարկ մը նետեց Ապրիլ 24-ի նախօրեակի դեպքերուն վրայ, ապա անդրադարձաւ թուրքերու յղացած բնաջնջման ծրագրի գործադրութեան եղանակին: Խորհրդածութիւններ ընելով՝ ըսաւ թէ հայը հայ մնաց և պիտի մնայ, հակառակ ամէն տեսակի վտանքներուն...» Բանախօսութիւնէն ետք, Պրն. Արա Քէշիշեան զգացումով արտասանեց Սիամանթոյի «Պարը», իսկ Սիպիլ Միսիրեան մեներգեց «Ներկայ Հայաստանը»ը: Որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան նախագահ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Փակման խօսքը ընելու համար...»: (տոմս և Զարթօնք)