← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

9 Apr 1955 – 11 Apr 1955 · Sports

1955 Apr 9-10-11 AGBU-AYA NAVASARTIAN 2nd GAMES …

1955 Apr 9-10-11: AGBU-AYA NAVASARTIAN 2nd GAMES … The Navasartian Games in Lebanon, Under the Auspices Leb. Army Chief Gen. Fouad Shehab represented by Gen. E. Lahoud. Presided by vicar Rev Khat Atchabahian. The Sports Festival organized on Easter, with the participation of the AGBU-AYA youth chapters from Egypt, Syria, Cyprus, Jordan, Lebanon, and school students of Melkonian Institut, Hovagimian-Manougian and Tarouhy Hagopian sec schools, An outstanding sports competition and Athletic show have presented, as the local press described that “Reviving of the old --Navasardian-Olimpic Games”. On the 9th and 10th of April, the various sports tournaments were scheduled in different stadiums. The participant chapters’ teams had interesting competitions in fully crowded arenas with sports fans, In a friendly and enthusiastic atmosphere! On the 11th of April at Beirut Municipality Stadium, various athletic competitions have started, followed by The Parade. 600 athletes paraded accompanied by the rhythmic marches of the Lebanese Gendarmery Fanfare. The final part, the rhythmic and athletic shows performed by the Tarouhy Hagopian and Hovagimian-Manougian Sec. schools students, was terrific! Thanks to Mr. Hagop Adjemian, the sports teacher at AGBU Tarouhy Hagopian and Hovagimian Manougian schools, and the Navasartian Games organizing committee members for this achievement!
«Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ լծուած է տենդագին աշխատանքի...Բարեգործականը Կրթականի և մշակութայինի առընթեր հոգ կը տանի նաեւ նոյնքան կարեւոր ծրագրի մը, երիտասարդական ընդհանուր շարժումին, որ արտայայտութիւնն է կայտառ ու խանդավառ սերունդի մը՝ զարգացած և ուռճացած Բարեգործականի դրօշին տակ: Այս վերջին տարիներուն արտակարգ կենսունակութեամբ լծուած են ՀԲԸՄիութեան երիտասարդական զանազան կազմակերպութիւնները, մանաւանդ Լիբանանի և Սուրիոյ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը. Ապացոյց՝ ՀԵԸ-ի Զահլէի մէջ կայացուցած միջ մասնաճիւղային խանդավառ շարժումները, Պէյրութի մէջ իր զանազան ձեռնարկները, Հալէպի Պատգամաւորական վերջին համագումարը և վերջապէս Զատկուայ առթիւ կազմակերպուած մարզական փառատօնը, որ տեղական մամուլին կողմէ որակուեցաւ հին Նաւասարդեան խաղերու զարթօնքը:» «Միջին Արեւելքի Հայ գաղութներուն համար աննախընթաց երեւոյթ մըն էր: Հովանաւորութեամբ՝ Լիբ. Բանակի Ընդհ. Հրամանատար Զօր. Ֆուատ Շեհապի, Նախագահութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթ. Տեղապահ Բարձ. Տ. Խադ Արքեպս. Աջապահեանի. Օրուան Թագուհի ՝ Տիկ. Իզապէլ Մ. Սաապի, Նաւասարդեան այս խաղերուն կը մասնակցէին Միջին Արեւելքի հինգ երկիրներէն հարիւրաւոր մարզիկներ և Միութեան երեք երկրորդական վարժարանները, Կիպրոսի Մելգոնեան, Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան և Դարուհի Յակոբեան վարժարանները, Եգիպտոսէն ՀՄԸՄ-Նուպարի, Յորդանանէն, Կիպրոսէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի և Սուրիոյ բազմաթիւ քաղաքներէն, որոնք հաւաքուեցան Պէյրութ, 9 Ապրիլէն սկսեալ և եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ երեք օր մասնակցեցան զանազան խաղերու և մրցումներու...» «Ապրիլ 9-ին և 10-ին տեղի ունեցան խմբային մրցումները, իսկ Ապրիլ 11-ին Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցան աթլէթի ընդհանուր մրցումները, մարզանքները և հայկական պարերը բազմահազար հանդիսականներու ներկայութեան»: «Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Լիբանանի բանակի ընդհանուր հրամանատար Զօր. Ֆուատ Շեհապ, զոր կը ներկայացէր Քոլոնէլ Էմիլ Լահուտ: Օրուան Նախագահն էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Տեղապահ Բարձր. Տ. Խադ Արք. Աջապահեան: Օրուան Թագուհի Տիկ. Իզապէլ Մ. Սաապ: Նախ տեղի ունեցաւ աթլեթի մրցումները, որոնց ընթացքին եղբայրական ոգիով մը ճակատեցան բոլոր մասնաճիւղերը: Անկէ ետք, Լիբանանեան ժանտարմըրրիի փողերախումբին ընկերակցութեամբ տեղի ունեցաւ փառահեղ տողանցքը 600-է աւելի մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին մասնակցող բոլոր մասնաճիւղերը և քոյր կազմակերպութիւնները«: «Այս տպաւորիչ և խանդավառ տողանցքէն վերջը տեղի ունեցան խմբային մարզանքները, մասնակցութեամբ Յովակիմեան-Մանուկեանի և Դարուհի Յակոբեանի սան սանուհիներուն: Ներդաշնակութեան և շարժումի արուեստի այս արտայայտութիւնները, միայն Պրն. Յակոբ Աճէմեանը, Միջին Արեւելքի հայ մասնագէտը կրնար յաջողեցնել, երկար փորձերէ ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք...»: «Մարզական փառատօնէն ետք տեղի ունեցաւ անդամական պարահանդէս մը, Սէն Միշէլի ծովափնեայ սրահին մէջ»: «...Մեծապէս գնահատելի ե ՀԲԸՄիութեան ՀԵԸնկերակցութիւնը, Տիար Բիւզանդ Եղիայեանի և իր գործակիցներուն շնորհիւ օրէ օր կը բարգաւաճի և յաջողութիւններ կ'արձանագրէ: Շնորհաւորելի են Նաւասարդեան խաղերու ընդհանուր կազմակերպիչ Պրն. Յակոբ Աճէմեանը և աթլէթիզմի ընդհ. պատասխանատու Պրն. Գուրգէն Եալընըզեանը, ինչպէս նաեւ անոնք որ ընդհանուր շարժումի կազմակերպման մէջ ունեցան հսկայ բաժիններ»: (1955 Jun Miout n315p25-26)

Photographs (7)

Provenance

📄 1955 Jun Miout n315p25-26