19 Feb 1955 · Governance
1955 Feb 19 “AGBU-AYA Masqurad (Paregentan) Dinner-Ball at Beirut Int. Airport Hall in Khalde
1955 Feb 19 “AGBU-AYA Masqurad (Paregentan) Dinner-Ball at Beirut Int. Airport Hall in Khalde. Under the Auspices of H.E. PM Samy Bey Solh (That attended for a short period) in presence of distinguish personnel, and diplomats. The Event was presided by Dr. & Mrs. Yevant and Nina Djidejians. The USA President’s Special Envoy Mr. Eric Johnston honored the event by his presence and addressed the audience… The cultural part of the dinner-ball, besides oriental and western music and dance included Armenian folk-dance performance by the AYA Dance group…”
«... ՀԲԸՄի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը այս տարի հրապուրիչ գաղափարը ունեցած էր տարեկան պարահանդէսը սարքելու Խալտէի միջազգային օդակայանի շքեղ սրահին մէջ, Փետր. 19 Շաբաթ երեկոյեան...» «Պարահանդէսին հովանաւորութիւնը սիրայօժար ընդունած էր մեր համակրելի վարչապետ, Սամի Պէյ Սոլհ, որ նոյն ատեն յայտնած էր թէ անձամբ ներկայ պիտի գտնուէր՝ դիտելու համար մասնաւորաբար հայկական պարերը, որոնք մեծ հաճոյք պատճառած էին իրեն անցեալ տարի Քափիթոլ պանդոկի պարահանդէսին մէջ: Իսկ պարահանդէսի նախագահութիւնը վերապահուած էր դարձեալ հանրածանօթ բժշկապետ Տոքթ. Երուանդ Ճիտեճեանի և իր համակրելի տիկնոջ: Նոյնպէս, պատուոյ սեղանին շուրջ տեղ կը գրաւէին ծանօթ և յարգուած ազգային Տէր և Տիկ. Ապրօ Ապրոյեան, ազգային բարերար ու ՀԲԸՄի Լիբ. Շրջ. Յանձնաժողովի ժրաջան ատենապետ Տիար Երուանդ Տեմիրճեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Ֆետըրըլ Պենքի նախագահ, հայերու բարեկամ Տիար Միշէլ Սաապ և իր հայազգի ազնիւ ու համակրելի տիկինը Իզապէլ»: «Երիտասարդացի ղեկավարները հետաքրքրական նորութիւններու հետամուտ են: Արդարեւ, առաջին անգամ էր որ հայ կազմակերպութիւն մը լայնօրէն կ'օգտագործէ օդակայանի արդիական սրահին ընծայած լայն դիւրութիւնները, հոն համախմբելով հայ հոծ բազմութիւն մը, որ պիտի ըմբոշխնէր Բարեկենդանի առթիւ սարքուած պարահանդէսին բոլոր հաճոյքները: (Zartonk 1955 Feb 27p3-4 n128)
Photographs (10)
Provenance
📄 Zartonk 1955 Feb 27p3-4 n128