← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

29 Jun 1957 · Education

1957 Jun 29 AGBU Hovagimian-Manougian Sec. school End year Graduation ceremony

1957 Jun 29 AGBU Hovagimian-Manougian Sec. school End year Graduation ceremony …
«ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրդ. Վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 29-ին, վարժարանի բակին մէջ... Հանդէսին կը նախագահէր Շրջ. Յանձնաժողովի Փոխ Ատենապետ Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան: Այս տարի Յով. Մանուկեան շրջանաւարտներու թիւը 13 է, որոնք, ի յարգանս Միութեանս ներկայ նախագահին կոչուած են Ալեքս Մանուկեան շրջանաւարտներ: Սաներէն Ռ. Եղիայեան Մ. Պուլտուգեան կը ստանան Պատուոյ Վկայական: Բոլոր սաները ներկայացած են Լոնտոնի Առեւտրական Սենեակի և Օքսֆորտ և Քէյմպրիճի Ճենըրըլ Սերթիֆիքէյթի քննութեանց:» «... Յովակիմեան.Մանուկեանի տարեկան Տեղեկագիրը կարդաց Տնօրէն Պրն. Ա. Թօփճեան...: Հանդէսին գլխաւոր բանախօսն էր Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան նախկին Տնօրէն և Պէյրութի Ամերիկեան Աղջկանց Գոլէճի այժմու դասախօս Պրն. Դանիէլ Ոսկեան, որ իբր օրինակ առնելով Գալիֆոռնիոյ հազարամեայ ծառերը, յորդորեց որ շրջանաւարտներն եւս չգոհանան իրենց ձեռք ձգած վկայականներով և յարատեւօրէն ձգտին դէպի բարձրը, յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները: Փակման խօսքին մէջ Կրթ. Յանձնախումբի Գանձապահ Տոքթ. Տ. Վարժապետեան ջատագովեց Տիար Եր. Տեմիրճեանի ելոյթը, որուն բարեգործութեամբ այս տարի կանգնած է Միութեանս Երուանդ Տեմիրճեան Նախակրթարանը .....»

Photographs (7)