← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

Jul 1950 · Education

1950 Jul 1 “AGBU Tarouhy Hagopian and Hovagimian-Manougian held a joint Sport Festival at Salem Court …

1950 Jul 1: “AGBU Tarouhy Hagopian and Hovagimian-Manougian held a joint Sports Festival at Salem Court. 2000 spectators attended the festival. AGBU Board members Miss Lila Karageozian visiting Lebanon at that time attended the festival, accompanied by the AGBU Leb. District committee chairman Mr. M Tchelebi, Interim Patriarchal Rev Khoren Serpazan and AGBU and AYA leaders. Under the rhythmic music of the Lebanese Interior Military Marching band, 200 students have their impressive parade and sportive performances, guided by the AGBU schools sport instructor Mr. Hagop Ajemian.”
«ՄԱՐԶԱՀԱՆԴԷՍ ՀԲԸՄիութեան Պէյրութի սեփական զոյգ Վարժարաններու միացեալ Մարզահանդէսը տեղի ունեցաւ Յուլիս 1-ին Սալէմի մարզադաշտին վրայ: Ներկայ էր 2000է աւելի բազմութիւն մը: Ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին հիւրաբար քաղաքս գտնուող՝ Ամերիկայի Պատկ. Կեդր. Վարչութեան անդամուհի Օրդ. Լիլա Գարակէօզեան, Լիբանանի Պատ. Շրջ. Յանձնաժողովի Ատենապետ՝ Տիար Մ. Չէլէպի, Դրան Եպիսկոպոս Խորէն Սրբազան, ՀԲԸՄիութեան պաշտօնական Մարմիններու ներկայացուցիչներ, Դպրոցներու Տնօրէններ, հայ թէ օտար մամուլի թղթակիցներ և այլ անձնաւորութիւններ: Մարզահանդէսին իր բարեհաճ մասնակցութիւնը բերած էր Լիբանանի Ոստիկան Զօրաց շեփորախումբը: Երկու հարիւր համազգեստաւոր սան-սանուհիներու օրինակելի տողանցքը առաջին վայրկեանին իսկ ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ մը: Աչքերը թովելու աստիճան յաջողութեամբ կատարուեցան խմբական և խառն մարզանքները Ընդհ. Մարզիչ Պրն. Յակոբ Աճէմեանի և Տիկ. Թ. Վեհեանի առաջնորդութեամբ: Հանդէսին մասնաւոր հմայք մը պարգեւեցին այլազան ձեւերով ու մեծութեամբ «բուրգեր»ը, զորս սաները ճարտարութեամբ կազմեցին: Եղան նաեւ խմբական խաղեր, դրօշարշաւ, վազք, պարանաձգութիւն եւայլն, ուր յաճախ դէմ առ դէմ ճակատեցան մանչեր ու աղջիկներ, ցուցաբերելով կորով, կամք և մանաւանդ կարգապահութիւն: Օր Լիլա Գարակէօզեան ամերիկեան չափանիշով յաջող մարզահանդէս մը որակեց կատարուածը...»: (Mioutioun 1950 Oct n259p305)

Photographs (6)

Source documents

Provenance

📄 Mioutioun 1950 Oct n259p305