← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

15 Aug 1958 · Governance

1958 Aug 15 AGBU helping the n

Eng text...1958 Aug-Sep AGBU helping the needy Armenian families in Lebanon due to the Civil war of 1958 that lasted more than six months…. (1958 Leb Civil war aid by AGBU part I)
«Լիբանանեան աղէտը և ՀԲԸ Միութեան Նպաստը» (Խօսնակ Հոկ-Նոյ. 1958 p14-15) «Լիբանանը իր գոյութեան ընթացքին հազուադէպօրէն տեսած է այն արհաւալից օրերը, որոնք ապրեցաւ վերջին հինգ ամիսներու ընթացքին» «Մեծերու հակամարտութիւնները պատճառ եղան որ ճզմուի Լիբանանի փոքրիկ ժողովուրդը, եղբայրը եղբօր դէմ զինուի: Լեռներ, գիւղեր և փողոցներ Լիբանանցիի արեամբ ներկուեցան: Շուկաները ամայացան, առեւտուրը անդամալուծուեցաւ, և անգործութեան ուրուականը տակաւ աւելի յստակ ցոյց տուաւ իր անագորույն դէմքը: Տուժեցին դպրոցները, տուժեցին հանրային սպասարկութիւնները և տուժեցին հանրային սպասարկութիւնները և տուժեցին մանաւանդ արհեստաւորներն ու մանր առեւտրականները .... սղութիւնը իր գլոգխը առած կը քալէր: «-- Թշուառացած էին նաեւ հազարաւոր ընտանիքներ: Ի՞նչ ընել, որո՞ւ դիմէին...» «Ժամանակ էր որ գործի անցնէր Բարեգործականը... Լիբանանի Շրջանային Յանձնաժողովը նամակով պարզեց կացութիւնը Կեդրոնին... որ ... առաջին հերթին 5000 տոլարի անմիջական նպաստ կը փութացնէր (որուն յաջորդեց երկրորդ 5000 տոլարը) ...Կազմուեցաւ Պարենաւորման Յանձնախումբ մը՝ բաղկացած ՊՊ. Ն. Շիրինեանէ, Հ. Թորոսեանէ և Գեղամ Տանձիկեանէ: Վարչական պատասխանատուութիւնը վստահուեցաւ Պրն. Երուանդ Պապաէեանի: ... Պարէն ստացան աւելի քան 4000 հոգի, որոնց իւրաքանչիւրին տրուեցաւ 4քիլօ ալիւր, 2 քիլօ ձաւար, մէկ քիլօ շաքար: .... Կարօտեալներու ցուցակները ներկայացուած էին Միութեան քսան մասնաժողովներուն կողմէ, Սակայն նկատելի էր որ կարիքը շատ աւելի մեծ էր... Շրջ. Յանձնաժողովը կրկին դիմեց Միութեան Կեդրոնը...» «Բարեդէպ զուգադիպութեամբ նոյն ժամանակաշրջանին Գլուստ Կիւլպենքեան հիմնարկութիւնը 30,000 տոլար կը յատկացնէր Լիբանանհայ աղէտեալներուն օգնութեան փութալու համար: Սույն գումարին մէկ մասը պիտի յատկացուի նախակրթարաններու կարօտ ուսանողներուն, իսկ մնացեալով պարէն պիտի բաշխուի կարօտեալներուն՝ ՀԲԸ Միութեան, Գարակէօզեան Հիմնարկութեան և Օգնութեան Խաչի խողովակով: (Խօսնակ Հոկ-Նոյ. 1958 p14-15) (Նպաստափաշխումի Բ. բաժինը տեսնել ..... timeline story No…) ( 1958 Leb Civil war aid by AGBU part II see timeline story n..)

Photographs (6)

Provenance

📄 1958 Leb Civil war aid by AGBU part I