26 Nov 1958 – 10 Dec 1958 · Governance
1958 Nov 26-10 Dec AGBU sharing Aid sent by Caloust Gulbenkian Foundation the distribution to needy armenians in Lebanon with Karageozian Institude an Armenian Red Cross, ...
1958 Nov 26-10 Dec AGBU sharing Aid sent by Caloust Gulbenkian Foundation distribution to needy armenians in Lebanon with Karageozian Institude and Armenian Red Cross,...
«Գալուստ Կիւլպենկեան Պարենաբաշխումի Ձեռնարկը» «Լիբանանի մէջ տիրող անգործութեան հետեւանքով յառաջ եկած թշուառութեան դարման մը բերելու ազնիւ նպատակով, ՀԲԸՄիութեան Պատ. Կեդր. Վարչական Ժողովը, ինչպէս ծանօթ է, ըրաւ կարեւոր յատկացում մը, անցեալ ամառ: Կարեւոր քանակութեամբ սննդեղէն բաշխուեցաւ բազմահարիւր կարօտեալ հայրենակիցներու այդ գումարով: Սակայն կարիքը այնքան մեծ է որ այս ձեռնարկը չէր կրնար, բնականաբար, գոհացում տալ ամէնուն: Կային թշուառութեան մատնուած մեծ թիւով հայրենակիցներ եւս, որոնք կը սպասէին բարերար ձեռքերու: Ահա հասաւ Գ. Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը, Լիբանանահայութեան տրամադրելով 30 հազար տոլար: Այս գումարին 20 հազարը պիտի յատկացուէր չքաւոր ընտանիքներու պարէնին, իսկ 10 հազարը՝ չքաւորներու կրթաթոշակին: Պարենաբաշխումի գործը վստահուեցաւ երեք կազմակերպութեանց.- ՀԲԸՄիութեան, Հ. Գարակէօզեան Հաստատութիւն և Օգնութեան Խաչ: ՀԲԸՄիութիւնը առանձին պիտի կատարէր 10 հազար տոլար արժէքով պարէնի բաշխում, իսկ միւս երկու կազմակերպութիւնները միասին պիտի ստանձնէին տրամադրուած գումարին միւս կէսով գնուած պարէնի բաշխումը: Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Լիբանանի և Սուրիոյ Կրթ. Մարմնի հովանաւորութեան տակ, յիշեալ երեք կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները ժողովներ գումարեցին և միասնաբար զբաղեցան պարենաբաշխումի նախապատրաստական աշխատանքով:» «....Երբ նախապատրաստական աշխատանքները աւարտեցան, կազմակերպուեցաւ ՀԲԸՄիութեան պարենաբաշխումի կեդրոն ՀԸԵ-ի Անդրանիկ Ակումբին մէջ, Պրն. Ե. Պապայեանի ղեկավարութեան տակ: Պարենաբաշխումը սկսաւ Նոյ. 26-ին և վերջացաւ Դեկտ. 10-ին: Այս կարճ ժամանակի ընթացքին միայն ՀԲԸՄիութեան կեդրոնէն չքաւոր ընտանիքներուն յանձնուեցաւ 1600 բաժին: նոյնքան բառին եւս բաշխուած է Հ. Գարակէօզեան Հաստատութեան և Լիբ. Օգնութեան Խաչի խողովակով....»:(Khosnag 1959 Feb p12-13)
Photographs (3)
Source documents
Provenance
📄 Khosnag 1959 Feb p12-13