← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

9 Jun 1946 · Governance

1946 Jun 9 AGBU Notification related to the financial support for the repatriation,

1946 Jun 9: The Repatriation have started… AGBU Notification related to the financial support for the repatriation, and the expectations from AGBU Central Board, based on the letters and cables received from the Government of Armenia, and from various chapters of the AGBU in Lebanon, Syria, Egypt, Iran, Greece, Bulgaria, France and others” “…Estimated repatriations for the current year; 20,000 from Syria and Lebanon; 30,000 from Iran, 2,000 from Bulgaria. Although the fund raising haven’t started yet, the AGBU Central Board emmediatly allocated 70,000 dollars for needy repatriates from Iran, 100,000 for Syria and Lebanon, and 30,000 dollars for Greece!” (1 Zartonk n2811p1) (1946 Jun 12 The Repatriation is starting)...
ՀԲԸՄ-ի զեկոյցը Ներգաղթի իրագործման աջակցելու պատրաստակամութիւնը, իր կարելիութիւններով, և Հայաստանի Պետութիւնէն ու Միջին արեւելքի՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Պարսկաստանի, Եգիպտոսի, ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Պուլկարիոյ և Ֆրանսայի հայկական գաղութներէ սպասուած ՀԲԸՄիութեան կողմէ կատարուելիք նիւթական և այլ միջոցներով կատարուելիք օգնութեան ակնկալիքներու մասին...: «Թէեւ տակաւին ձեռնարկուած չէ Ներգաղթի Մէկ միլիոն տոլարի Հանգանակութեան, բայց արդէն իսկ կարեւորագոյն գաղութներէն հեռագրով ստիպողաբար կարիքը ցոյց կը տրուի անմիջական վարկերու, ներգաղթի առաջին խումբերուն օգնելու համար: Պէյրութի Շրջ. Յանձնաժողովը հետեւեալ հեռագիրը ուղղած է Կեդր. Վարչութեան.- «Ներգաղթը կը սկսի Յունիսին, կը սպասենք ձեր պատասխանին շոգենաւերու (գնման) մասին: Հեռագրով իմացուցէք ՀԲԸՄիութեան կողմէ տրամադրուելիք առաջին գումարը՝ անմիջական ծախսերու համար: Կը խնդրուի նաեւ 7000 ընտանիքի համար հագուստեղէն ղրկել Պաթում»: Միւս կողմէ, Սուրիոյ և Լիբանանի Ներգաղթի Կոմիտէն նամակով մը կը ճշդէ որ ներգաղթողներուն մեծագոյն մասը (25,000 հոգի) բացարձակապէս թշուառ է, և կ'աւելցնէ թէ իւրաքանչիւր ներգաղթողի ճանապարհածախսը կը նախատեսուի 100 լիբ. ոսկի (այսինքն անձ գլուխ շուրջ 48 տոլար) և թէ կը սպասուի որ ՀԲԸ Միութիւնը, գոնէ 15,000 հոգիի հագուստեղէնը եւս ջանայ ապահովել»: «...Միութեան Թեհրանի Մասնաճիւղէն... «Ներկայ տարուան միջոցին ներգաղթողներու թիւն է 16,000, որ պիտի մեկնին մայիսէն մինչեւ հոկտեմբեր: Նախատեսուած ծախքն է շուրջ 425,000 տոլար, որուն մէկ երրորդը ստիպողական է ... Նոյնպէս, Միութեան Աթէնքի և Բլովտիվի Մասնաճիւղերը կը գրեն որ Յունաստանէն 10,000 իսկ Պուլկարիայէն 15,000 հոգի արձանագրուած են: «... Երեւանի Ներգաղթի Կոմիտէն կը հեռագրէ... «...Կ'առաջադրուի այս տարի ընդունիլ մինչեւ 20,000 հոգի Սուրիայէն և Լիբանանէն, իսկ մինչեւ 30,000 Պարսկաստանէն և 2,000 Յունաստանէն: Մեզի հասած տեղեկութեանց համաձայն, ներգաղթողներու մեծամասնութիւնը չքաւոր ըլլալուն նիւթական օժանդակութեան կը կարօտի, որով ձեր տրամադրութեան տակ գտնուած հնարաւոր գումարները կը հաճիք հասցնել վերոգրեալ երկիրները»: 1946ի վերջնական կարիքներու մասին պիտի հաղորդենք յաւելուածական տեղեկութիւններ...:»: Միութեան Կեդր. Վարչ. Ժողովը, իր վերջին նիստին մէջ, որոշեց անմիջապէս 70,000 տոլար տրամադրել Պարսկաստանի կարօտ ներգաղթողներուն, 100,000 Սուրիոյ և Լիբանանի և 30,000 տոլար Յունաստանի, առանց սպասելու Հանգանակութեան արդիւնքին» «....Ինչպէս որ առաջին օրէն ծանուցուեցաւ արդէն, Հայաստանէն կ'ակնկալեն որ ՀԲԸ Միութիւնը ինք ստանձնէ ներգաղթի ֆինանսական գործը, այսինքն՝ 1) Հոգալ ներգաղթողներու ճանապարհածախսը և Հայրենիք վերադառնալէն վերջ սկզբնական պէտքերը: 2) Օգնել ներգաղթող կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանի շինութեան... 3) Տրամադրել արդիւնաբերական, հիւանդանոցային և մանկական հիմնարկներու կահաւորում, ինչպէս նաեւ հագուստ, կօշիկ և այլ նիւթեր: Պարզ է սակայն որ ահագին բեռը վերցնելու անկարող պիտի ըլլայ ՀԲԸ Միութիւնը, երբ իր վրայ դրուած ծանր պարտականութեանց հազիւ մէկ փոքր մասը միայն պիտի կրնայ իրագործել մէկ միլիոն տոլարով...» (AGBU report 2 Za n2813p3)

Provenance

📄 AGBU report 2 Za n2813p3