29 Dec 1940 · Education
1940 Dec 29 New Year in Haygazian Nat. School in Mazraa
1940 Dec 29: The New Year at the Armenian Nat. School in Mazraa, presided by AGBU Edu. Inspector Mr. Natanian . After the welcoming note by the school principal Mr. M. K. Sarkisian. A cultural program presented by the school students. Mr. M. Natanian addressed the Audience, emphasizing the importance of education in various aspects. Mr. Hovhannes Tovmasian thanked the AGBU’s support to the school.
«...Պէյրութի Մազրաա թաղի Հայկազեան Ազգային վարժարանը ամանորի Հանդէս ունեցած է, անցեալ Դեկտ. 29ին, Նախագահութեամբ ՀԲԸՄ-ի կրթական տեսուչ Միքայէլ Նաթանեանի; Հանդէսին բացումը կատարած է տնօրէն Պրն. Մ. Գ. Սարգիսեան: Յետոյ գործադրուած է է օրուան յայտագիրը և եղած են հայերէն, ֆրանսերէն և արաբերէն արտասանութիւններ, խմբերգեր, մենախօսութիւններ, հայկական պարեր և տրամախօսութիւն... Յայտագրէն ետք Թաղականութեան Ատենապետ Յովհաննէս Թովմասեան ուղերձ մը ըրած է և գնահատած Միութեան օգնութիւնը դպրոցին: Թաղեցիներ 12 տարիէ ի վեր կը պահեն իրենց վարժարանը շնորհիւ այն նպաստին զոր Միութիւնը կը տրամադրէ: Պրն. Միք. Նաթանեան ուղերձ մը ըրած է կրթութեան արժէքին և հայ մանուկին դաստիարակութեան շուրջ»: (1941 Apr Hoosharar p53 N214)
Provenance
📄 1941 Apr Hoosharar p53 N214