← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

21 Dec 1940 · Education

1940 Dec 21 AYA University Students Union gathering

1940 Dec 21: The AGBU-AYA University Students Union gathering was held in the Zareh Noubar club. Chairman Hratch Setrakian presented the objectives of the newly formed union... Committee member Vagharsh Oflazian talked about the program proposed by Dr Shavarsh Sevhonkian of aiding the needy Armenian students that started last year. AUA Professor Parounag Tovmasian addressed too..." A cultural program has been performed by Dr H.Elmadjia, N. Sarian and AYA Musical Band conducted by Mr. Barsoumian.
«Շաբաթ երեկոյ, 21 դեկտեմբերին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զարեհ Նուպար ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵԸ-ի Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան ներկայ շրջանի բացման հանդէսը:...ՀԵԸ-ի Հ. Ուս. Միութեան ատենապետ Պրն. Հրաչ Սեդրակեան յայտագրի երրորդ մասին գործադրութեան անցնելէ առաջ, բացատրեց Հ. Ուս. Միութեան հետապնդած նպատակը և անոր կատարելիք դերը մեր ժողովուրդին համար... գոհունակութեամբ յայտնեց թէ նորակազմ Միութիւնը կը կրէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու ՀԲԸՄիութեան հովանաւորութիւնը, մնալով ՀԵԸնկերակցութեան Կեդրոնական Գործադիր Մարմնի հակակշռին ներքեւ: ... Պրն. Վաղարշ Օֆլազեան ըսաւ թէ Միութիւնը իր անցեալ տարուան Ի պատիւ շրջանաւարտներու տուած հանդէսին մէջ, Տոքթ. Շահան Սեւյօնքեանի առաջարկութեամբ, հիմը դրաւ «Սանուց ֆոնտին», որուն նպատակն է դպրոցական ծախսերը հոգալ բոլորովն ուսումէ զուրկ չքաւոր, փողոց մնացած հայ փոքրիկ տղոց:.. Երկրորդ խօսողն էր Ամերիկեան Համալսարանի ուսուցիչ՝ Պրն. Բարունակ Թովմասեան, որ արագ ակնարկ մը պտտցուց Սփիւռքի հայ ժողովուրդին կեանքին վրայ և ներկայացուց երկու զատորոշ պատկերներ: Առաջինը մեր հայրենիքին մէջ ապրող ժողովուրդին այսօրուան երջանիկ կեանքը» «...Երկրորդը՝ արտաշխարհի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին կեանքը, որ հակապատկերն է առաջինին:» Հանդէսին գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին տոքթ. Յ. Էլմաճեան, Ն. Սարեան, ՀԵԸ-ի նուագախումբը, Պարսումեանի ղեկավարութեամբ...»: (Za Dec 28 n979p2)

Photograph

Provenance

📄 Za Dec 28 n979p2