Jul 1951 · Education
1951 Jul 1 AGBU Tarouhy Hagopian School for Girls
1951 Jul 01 AGBU Tarouhy Hagopian Secondary school for girls End year ceremony in the school courtyard. In the presence of Spiritual and AGBU District and Educational committee leaders and parents. In his opening speech, Mr. Puzant Yeghyaian focused on the importance of having a well educated female gender. Students A. Veshdouni, K. Koundakjian, Anjel Djandjanian, M. Bastadjian S. Tavitian, A. Bolisian, O. Yahneyan, A. Djerian V. Sarkisian, performed a verity cultural program. The School Principal Mr. Der Hovhannessian, made his speech. Graduate B. Megerditchian presented the Graduate class Farwell note. The Diplomas were delivered by the AGBU Cairo District member Mr. Zarmair Keshishian. The closing was a blessing preyer by Vicar Rev. Khat Serpazan Atchabahian.1950-1951 Graduates of AGBU Tarouhy Hagopian School for Girls: Arsine Keoseyan, Jaquline Shekerdjian, Marie Bastadjian, Baydzar Mgrditchian, Siranoush Nokhoudian, Serpouhy Derderian, Vartouhy Sarkisian, Olga Der-Haroutyounian.
« ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ, Յուլիս 1, Կիրակի երեկոյեան ժամը 5-ին: Ներկայ էին Կաթ. Փոխանորդ Գերշ. Խադ Արք. Աջապահեան, Եգիպտոսի ՀԲԸՄիութեան Կեդր. Յանձնաժողովի փոխ Ատենապետ Տիար Զ. Քէշիշեան, ինչպէս նաեւ անդամներ Լիբանանի Շրջ. Յանձնաժողովէն և Կրթ. Յանձնախումբէն: Այս հանդէսը բացառիկ հանգամանք կը ստանար անով, որ առաջին անգամ ըլլալով Դ. Կարգի աւարտական սանուհիներ վկայական պիտի ստանային: Պրն. Բիւզանդ Եղիայեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց զարգացեալ իգական սերունդ մը ունենալու կարեւորութիւնը: Ան թուեց այն անհատնում բարիքները, զորս ՀԲԸՄիութիւնը կը ջամբէ սեփական զոյգ վարժարաններուն, ի գին մեծ զոհողութիւններու: Ա. Վշտունիի «Հայաստանը» Ք. Գունտաքճեան: Անժել Ճանճանեան արտասանեց «Լա Ճէօն Թարանթին»ը ֆրանսերէն, Մ. Պասթաճեան «Հոմ Թհոթս Ֆրամ Էպրոտ»: Արաբերէն յաջող տրամախօսութիւն մը ըրին Ս. Դաւիթեան, Ա. Պոլիսեան. Ո. Եահնէեան և Ա. Ճառլեան: Սանուհի Վ. Սարգիսեան երգեց Սայաթ Նովայի «Ականջ արա»ն: Դաշնակի վրայ նուագեց Ս. Դաւիթեան: Տնօրէն Պրն. Պ. Տէր Յովհաննէսեան կարդաց համառօտ տեղեկագիր մը անցնող տարեշրջանի դպրոցական գործունէութեան մասին, որմէ ետք շրջանաւարտ Պ. Մկրտիչեան յանուն սանուհիներու կարդաց ուղերձ մը: Վարժարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ սանուհի Ժ. Շեքերճեանի, երգեց երկու երկձայն խմբերգ... Ապա Տնօրէն Պրն. Տէր Յովահաննէսեան խօսքն ուղղելով աւարտականներուն, յորդորեց որ ըլլան յարատեւող, անկեղծ, աստուածավախ, հայրենասէր և մարդասէր: Վկայականները բաշխուեցան ի ձեռն Տիար Զ. Քէշիշեանի, և փակման խօսքն ըրաւ ու պահպանիչով հանդէսը փակեց Գերշ. Խադ Սրբազան Աջապահեան: Վկայական ստացան հետեւեալ սանուհիները՝ Արսինէ Քէօսէեան, Ժագլին Շէքէրճեան, Մարի Պասմաճեան, Պայծառ Մկրտիչեան, Սիրանուշ Նոխուտեան, Սրբուհի Տէրտէրեան, Վարդուհի Սարգիսեան, Օլկա Տէր-Յարութիւնեան:(Horizon 25th Ann. p38)
Photographs (2)
Source documents
Provenance
📄 Horizon 25th Ann. p38