Nov 1960 · Education
New Administration nominations in the AGBU Schools:
1960-1961: New Administration nominations in the AGBU Schools: after the nomination of Mr Khatcher Kaloustian, Principal of Tarouhy Hagopian Sec school, as The Principal of the Melkonian Educational Institution. Mr. Ara Topdjian was appointed Principal of both Hovagimian-Manougian and Tarouhy Hagopian Sec. schools. Mr Zareh Melkonian was nominated Superintendent of Hovagimian-Manougian Sec. school, and Mr Vahe Vahian was Superintendent of Tarouhy Hagopian Sec. school..
ՀԲԸՄիութեան Դպրոցներու Համար Տեսուչներու Անուանում: Վերջին տարեշրջանին Մելգոնեան Հաստատութեան փոխ-տնօրէնի պաշտօնը վարեց անոր աւագ ուսուցիչներէն Տիար Յ. Այվազեան, գնահատուած մասնագէտ մաթեմաթիքի եւ գիտութեան: Ներկայ 1960-1961 տարեշրջանին, Հաստատութեան տնօրէն անուանուեցաւ Տիար Խաչեր Գալուստեան, որ տարիներէ ի վեր ձեռնհասութեամբ կը վարէ Միութեան Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը: Տիար Գալուստեանի այս անուանումին հետեւանքով նոր կարգադրութիւններ եղան Միութեան Պէյրութի ՅուվակիմեանՄանուկեան Մանչերու եւ Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց վարժարաններու վերին պատասխանատուութեան համար: Անոնց երկուքին տնօրէն կարգուեցաւ Տիար Արա Թօփճեան, Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի երկարամեայ եւ գնահատուած տնօրէնը, եւ նոյն վարժարանին տեսուչ նշանակուեցաւ Տիար Զարեհ Մելքոնեան, համալսարանական կրթութեան տէր, գրող եւ փորձառու դաստիարակ: Իսկ Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց վարժարանին տեսուչ նշանակուեցաւ ծանօթ մտաւորական, բանաստեղծ եւ կրթական երկարամեայ մշակ Տիար Սարգիս Ապտալեան (Վահէ-Վահեան): (Kh 1961 Feb-Apr p197)
Provenance
📄 Kh 1961 Feb-Apr p197