15 Nov 1960 · Education
AGBU Tarouhy and Hovagimian schools Juniors committees 1st joint program
Nov 15 AGBU Tarouhy and Hovagimian schools Juniors committees have organized its 1st joint program for the season at Zareh Noubar club. A cultural program, including song, dance and theatrical performances presented totally by the students…” The most interesting expression of the day was Krikor Satamian’s theatrical group presentation! Until last year, the coordinator of the Juniors section was Mr. Onnig Sarkisian. However, this year the responsibility was handed over to Mr. Varoujan Bedigian, because Mr. Sarkisyan has been running The Yervant Demirdjian school Principal post. This year the Juniors Committee members of the Hovagimian-Manougian school are: Krikor Satamian chairman, V. Caloustian secretary, V. Vartanian treasurer, A. Ardashesian, R. Tchakmakian and R. Belemdjian counselors.
ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան և Դարուհի Յակոբեան զոյգ վարժարանները գործակցաբար, Կրտսերացի գործունէութեան բացումը կատարեցին Զարեհ Նուպար Ակումբին մէջ, Նոյեմբեր 15-ին կազմակերպուած գեղարուեստական հանդէսով մը, որուն յայտագիրը՝ երգ, նուագ, արտասանութիւն, թատերական ներկայացում, գործադրուեցաւ ամբողջութեամբ աշակերտներուն կողմէ: Օրուան ամէմէն հետաքրքրական արտայայտութիւնն էր Գ. Սաթամեանի թատերախումբին ներկայացումը: Նիւթը առնուած էր Յ. Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասներ»էն: Ներկայացումը թէեւ կարճ, բայց շատ յաջող էր: Մինչեւ նախորդ տարի, Կրտսերացի Բաժնի ընդհանուր պատասխանատուն էր Պրն. Օննիկ Սարգիսեան: Սակայն այս տարի պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ Պրն. Վարուժան Պետիկեանի, որովհետեւ Պրն. Սարգիսեան, արդէն մէկ տարիէ ի վեր կը վարէ Ե. Տէմիրճեան Վարժարանի Տնօրէնութիւնը: *Այս տարի, Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի, ՀԵԸի Կրտսերաց Բաժնի վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալներէն.- Սաթամեան Գրիգոր՝ ատենապետ, Գալուստեան Վ՝ ատենադպիր, Վարդանեան Վ՝ Գանձապահ, եւ խորհրդականներ՝ Արտաշէսեան Ա. Չաքմաքեան Ռ. Պիլէմճեան Գ.: (Neviroum 1960 n1p54)(Kh. 1960 Nov p53-54)
Provenance
📄 Kh. 1960 Nov p53-54