15 Nov 1935 · Governance
1935 AGBU and the Mamelteyn Santorium in Lebanon
1935 AGBU and the Mamelteyn Sanatorium in Lebanon: AGBU Central Board yearly report (1935) page 69, in Health section. "AGBU continued its support for the Mamelteyn Sanatorium in Lebanon by a monthly contribution, plus 650 Eng. Sov. to build the new Sanatorium in Azouneyeh hillside (in a healthier district). This sum includes $1500 donation from Dikran Taylor of Los Angeles and $1000 from Armen Mserian (Brussels), plus 8000 Suisse franc of loan from Nansen Office." AGBU Cheif-Delegate Mr. Vahan Malezian, On the occasion of his recent mission in Beirut, having visited the Health General Director Col. Dr. Martin, who had previously refused the permission for a new building, has succeeded in obtaining a building permit! ►1935
«...Մամլթէյնի Սանաթօրիոմը.- Նախորդ տարիներու նման, 1935ին շարունակեցինք Միութեանս օժանդակութիւնը Պէյրութի Թոքախտաւորներու Մամլթէյնի Բուժարանին, ամսական վճարումներով, որոնց 11 ամսուան գումարն է Ա.Ո. 102: Բաց աստի, նոյն Բուժարանի Խնամակալութեան յանձնեցինք 650 Ա. Ոսկի գումար մը, Լիբանանի բարձունքը յատկապէս գնուած հողին վրայ նոր Սանաթօրիոմի մը շինութեան յատկացուելու համար: Այս գումարին 1500 տոլարը վերջերս ազնուօրէն տրամադրեց մեր Միութեան Բարերար Անդամներէն Տ. Տիգրան Թէյլըր, Լօս Անճէլըսէն: Միւս կողմէ, մեր դիմումներուն վրայ Նանսէնեան Օֆիսը այդ նպատակին համար 8000 Զուից. Ֆրանքի գումար մը տրամադրեց իբրեւ փոխատուութիւն, և վերջերս ալ Տ, Արմէն Մսրեանէ (Պրիւքսէլ) ստացանք 1000 տոլարի նուիրատուութիւն մը: Միութեանս Վարիչ-Պատուիրակ Վահան Մալէզեան, իր վերջին առաքելութեան առթիւ Պէյրութի մէջ տեսակցած ըլլալով Առողջապահական ընդհ. տնօրէն Զօր. Տոքթ. Մարթէնի հետ, որ ցարդ մերժած էր նոր շէնքի մը արտօնութիւնը, օրէնքին պահանջած երաշխաւորութիւնները ներկայացուցած չըլլալուն համար, յաջողած է շինութեան արտօնութիւնը ձեռք բերել, որով յուսալի է թէ այդ կարեւոր ձեռնարկը քիչ ատենէն կ'իրագործուի վերջապէս, լրացնելով պէտք մը որ յոյժ զգալի դարձած էր Սուրիահայութեան (Լիբանանահայութեան) համար: (1935 AGBU Central Board yearly report p69)
Photograph
Provenance
📄 1935 AGBU Central Board yearly report p69