3 Dec 1938 · Cultural
December 3, AYA Zareh Noubar Club organized an interesting Lecture about "the Army and the soldier life'' Presented by Commander Boghos Bey Toursarkisian
1938 Dec 3: AYA Zareh Noubar Club organized an interesting Lecture about "the Army and the militery life'' Presented by Commander Boghos Bey Toursarkisian…Ended his speech, urging to be strict in the exercise of discipline, within our national Institutions: within the committees, to prepare a complete disciplined generation for the future!
► «1938 Դեկ. 3-ին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զարեհ Նուպար Ակումբին մէջ, տեղի ունեցած է շահեկան դասախօսութիւն մը «Զինուորը և Զինուորականութիւնը» նիւթին շուրջ: Դասախօսը եղած է հազարապետ Պօղոս Պէյ Թուրսարգիսեան, որ շատ բարեդէպօրէն տուած է կարգապահութեան, հնազանդութեան և զոհողութեան դասեր: Վերջացուցած է իր խօսքը, յորդորելով խիստ ըլլալ կարգապահութեան գործադրութեան մէջ, մեր ազգային Հաստատութիւններէն և Մարմիններէն ներս, պատրաստել կարենալու համար ապագայ ամբողջական կարգապահ սերունդ մը: Ակումբի վարչութիւնը որոշած ըլլալով իր կարօտ անդամներուն արտայայտուելու առիթ տալ, նոյն օրը խօսած է նաեւ Կարապետ Սէյիսեան, նիւթ ունենալով օտար վարժարաններ յաճախող հայ ուսանողները: Հաւաքոյթը ունեցած է գեղարուեստական բաժին մըն ալ» (1939 Mar-Apr Mioutioun n196 p26)
Provenance
📄 1939 Mar-Apr Mioutioun n196 p26