← Our History · 1906–1939 · AGBU in Lebanon

20 May 1933 · Cultural

A Cultural Concert sponsored by Catholicosate of Cilicia.and conducted by Hampartsovm Berberian, was held in AUB Hall

1933 May 20: A Cultural Concert was held in AUB Assembly Hall, organized by AGBU-Antranik Youth Association, sponsored by Catholicosate of Cilicia and conducted by Hampartsoum Berberian. Berberian is gradually emphasizing the perfection of his art. Despite attempts to sabotage the concert, The Conductor managed to implement his program, recieving applauses and anchors! The organizer of the concert mentioned above (The AYA) Antranik Youth Association was founded under the auspices of the Catholicosate; the Bylaws also were recognized and ratified by the Government. Nothing to do with any known or unknown political party! The members of the AYA Must be pure in description and independent in opinion! (HASG 1933 June-May p31)
►« Կաթողիկոսարանիս հովանաւորութեան ներքեւ, ի նպաստ Պէյրութի ՀԵԸնկերակցութեան սարքուած այս գեղարուեստական հանդէսը, տեղի ունեցաւ Մայիս 20, Շբ. Երեկոյ, Ամերիկեան Ժողովասրահին մէջ, ղեկավարութեամբ Տիար Հ. Պէրպէրեանի: Ներկայ էին Աթոռակից Տ. Բաբգէն Կթղս. Եղիշէ և Շահէ Սրբազաններու և Փառէն Վրդ.ի հետ: Սրահը լիք չէր, բայց ընտիր էր ժողովուրդին ներկայութիւնը: Յայտագիրը գործադրուեցաւ անթերի, ստեղծելով մթնոլորտ մը, թրթռուն՝ ջութակներու, դաշնակի և երգերու թովքով: Պէրպէրեան հետզհետէ կը շեշտէ իր արուեստին կատարելագործումը և կազմակերպողի մասնագիտութիւնը, այնպէս որ հակառակ այս գեղեցիկ հանդէսը ձախողեցնելու համար վերջին պահուն ի գործ դրուած դիւցազնական շատ ազնիւ միջոցներուն և արժանապատուութեան բարձր զգացումներով տոգորուն երգիչներու բացակայութեան, ղեկավարը յաջողեցաւ լիովին գործադրել իր յայտագիրը: Ծափեր, կրկնումներ ցոյց կու տային թէ Հայ արուեստագէտները, այր թէ կին, կարող էին պարտութեան մատնելու հանդէսին ձախողութիւնը ծրագրող ասպետները: ՀԵԸնկերակցութիւնը, որ Կաթողիկոսարանիս հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած է, և Կանոնագրութիւնն ալ ճանչցուած և վաւերացուած Պետութիւնէն, ծանօթ անծանօթ ոևէ կուսակցութեան հետ կապ և աղերս չունի: Պէտք է որ նկարագրով մաքուր և կարծիքով անկախ Հայ երիտասարդներ անդամագրուին Հ. Ե. Ընկերակցութեան: (HASG 1933 June-May p31)

Provenance

📄 HASG 1933 June-May p31