3 Dec 1955 · Education
1954 AGBU Central Board report School building in Lebanon- dated 1955 Dec 3
1954 AGBU Central Board report, School building in Lebanon- dated 1955 Dec 3. 1) The renovation of the old schools was completed in 1953. In Lebanon, Syria and Greece, 99 schools were regularly renovated or purposefully renovated. Summer of 1954: Miss. Lila Garakeozian and Mr. K. Giragosian had the opportunity to visit some of these renovated schools. From the detailed newsletters presented, The Central Board learned with satisfaction, That This part of our school building projects had provided vital satisfaction, a real blessing for the educational work of our many needy communities. Due to various difficulties, The construction of a dozen new schools, which is the second part of our program, had not started until the summer of 1954. 2) Below are the names of the schools built by AGBU Benefactors in Lebanon during this period. *a.- AGBU New York and Detroit Ladies chapters' $30,000 donation for AGBU OWN PRESCHOOL Project in Beirut is partially had taken off, 1554 m2 of land has already been purchased. *b.- AHRAMJIAN School, Beirut, built with the donation of Benefactors Karnig and Hovhannes Ahramjian brothers *c.- GILIGIAN School. A beautiful two-story school with the generous donation of an anonymous benefactor. Two hundred students attend here. *d.- Uzbashian Kinderkarten. Vahram Yuzbashian's $ 5,000 generous donation, The Zahle Arm. National School had its new Kindergaten, adding a second floor to the school hall. *e.- AGBU ARILINTON Chapter's $5,000 Donation To Antelias Catholicoste school's renovation. *f.- Noubarian School, This project was postponed.
«Ընդհանուր տեղեկագիր: «...Այս վերջին տարիներու տեղեկագիրներուն մէջ Միութեանս այս ձեռնարկին աստիճանական իրագործումը ներկայացուցած ենք արդէն: Հին դպրոցներու նորոգութեան ծրագիրը աւարտեցաւ 1953-ին: Լիբանանի, Սուրիոյ և Յունաստանի մէջ կանոնաւոր կերպով նորոգուեցան կամ նպատակայարմար ձեւափոխութիւններու ենթարկուեցան 99 վարժարաններ, Ազգային (Առաքելական), Հայ Աւետարանական և Հայ Կաթոլիկ: 1954ի ամրան՝ Օր. Լիլա Գարակէօզեան և տիար Գ. Կիրակոսեան առիթը ունեցան այս նորոգուած վարժարաններու մէկ մասը այցելելու և անոնց ներկայացուցած մանրամասն տեղեկագիրներէն Կեդր. Վարչ. Ժողովը գոհունակութեամբ իմացաւ թէ Դպրոցաշինութեան մեր ձեռնարկին այս մասը կենսական պէտքի գոհացում տուած է և իրական օրհնութիւն մը եղած է մեր բազմաթիւ կարօտ համայնքներուն կրթական գործին համար»: «Զանազան դժուարութեանց հետեւանքով, մեր ծրագրին երկրորդ մասը եղող տասնեակ մը նոր դպրոցներու շինութեան աշխատանքները մինչեւ 1954ի ամրան չէին սկսած տակաւին: Օր. Գարակէօզեան և տիար Կիրակոսեան Կեդր. Վարչութեան հրահանգներուն համաձայն լուրջ ջանքեր թափեցին և նոր վարժարաններու կառուցումը փութացնելու համար ըրին նպատակայարմար կարգադրութիւններ»: «Ստորեւ Լիբանանի մէջ վերոյիշեալ շրջանին ՀԲԸՄիութեան Բարերարներու կողմէ կառուցուած վարժարաններու անունները»: Ա) ՀԲԸՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍԵՓԱԿԱՆ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ, Պէյրութ, Նիւ Եորքի Տիկնանց Կեդր. Յանձնախումբին և Տիթրոյթի Տիկնանց Մասնաճիւղին գոյացուցած 30,000 տոլարի նուիրատուութեամբ կառուցուելիք այս վարժարանին համար 1554 քառ. մեթր տարածութեամբ հող մը գնուած է արդէն: անոր շինութեան ձեռնարկուած չէ տակաւին, որովհետեւ նախակրթարանին և անոր յարակից մանկապարտէզին համար գեղեցիկ շէնք մը ունենալու նպատակով կարեւոր մը պէտք է և այդ ուղղութեամբ մշակուած ծրագիրը չէ վերջացած տակաւին»: Բ) ԱՀՐԱՄՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, Պէյրութ, Բարերար Գառնիկ և Յովհաննէս Ահրամճեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ կառուցուած այս գեղեցիկ դպրոցը բացուեցաւ 1954 Հոկտեմբերին: Արդիական յատակագիծով զուարթ շէնք մըն է ան, որ կանգնած է ի փոխարէն խեղճուկ հիւղակին որ բանտի խցիկներու նմանող երեք դասարաններով իբրեւ դպրոց կը գործածուէր: Այս վարժարանին համար ծախսուեցաւ 10,500 տոլար: Շէնքը Միութեանս սեփականութիւնն է, բայց դպրոցը կը մատակարարուի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ: Գ) ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱն, Պէյրութ, Ազգային վարժարաններուն ամենէն ողորմելին ու խարխուլն էր այս վարժարանին շէնքը, որուն տեղ այս շրջանին կառուցուեցաւ երկյարկանի գեղեցիկ դպրոց մը անանուն բարերարի մը վեհանձն նուիրատուութեամբ: Հոս կը յաճախեն 200 աշակերտներ: Շէնքին սեփականութիւնը տրուած է կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին, իսկ վարժարանը կը մատակարարէ Ազգային առաջնորդարանը: Կիլիկեան Վարժարանին շինութիւնը արժեց 17,700 տոլար: Դ) ԻԻԶՊԱՇԵԱՆ ՄԱՆԱՊԱՐՏԷԶ, Զահլէ, Տիար Վահրամ Իւզպաշեանի 5,000 տոլարի վեհանձն նուիրատուութիւնը գործածուեցաւ Զահլէի Ազգային Վարժարանը նոր մանկապարտէզով մը օժտելու նպատակին: Դպրոցին սրահին վրայ երկրորդ յարկ մը աւելցնելով 1955-ին կառուցուեցաւ 3 դասարաններով այս Մանկապարտէզը: Ազնիւ Բարերարը 750 տոլարի յաւելուածական գումար մըն ալ տրամադրեց սրահի նորոգութեան համար: Ե) ԱՐԻԼԻՆԿԹԸՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Վարժարանին: Կաթողիկոսարանին Նախակրթարանը կը գտնուէր խեղճ վիճակի մէջ, խարխլած դասարաններով և կիսափուլ ճեմիշներով: Կեդր. Վարչ. Ժողովը Օր. Գարակէօզեանի և Տիար Կիրակոսեանի տեղեկատուութեանց վրայ հիմնուելով վերոյիշեալ Մասնաճիւղին 5,000 տոլարի նուիրատուութիւնը յատկացուց Անթիլիասի նախակրթարանին հիմնական նորոգութեան: Զ) ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, Պէյրութ, Այս դպրոցին շինութիւնը առ այժմ յետաձգուած է՝ Պէյրութի հիւղաւաններու հայութիւնը հաւանօրէն այլուր փոխադրելու համար մշակուած ծրագրին հետեւանքով: անոր հողը պիտի գնուի Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ, իսկ շէնքին կառուցման յատկացուած 15,000 տոլարը ի պահ կը մնայ»: (Miout 1956 Oct n331p38)
Provenance
📄 Miout 1956 Oct n331p38