13 Aug 2015 – 30 Aug 2015 · Scouts
Antranik-Sevan Summer Camp New story 1
Կիրակի, 13-էն 30 Օգոստոս 2015, Լեռնալիբանանի Շպենիյէի գեղատեսիլ ամարանոցին մէջ տեղի ունեցան Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի խումբերու տարեկան իրարայաջորդ բանակումները: Երեք շաբաթներու վրայ երկարող բանակումներուն, Սկաուտական Շարժումի, Ծնողաց Վարչութեան եւ կամաւոր սատարողներու միասնական ջանքերով գնահատելի այս բանակումներու ընթացքին իւրաքանչիւր խումբ իրագործեց իր սկաուտական-դաստիարակչական յայտագիրները: