2 Aug 2015 · Sports
2015 Aug 2 Antranik-Basketball 4th div. team heading to 3rd division
Հ.Ե.Ը . -ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ Դ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԶՏՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւանի պասքեթպոլի կազմը յաջորդական երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց Լիբանանի պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան զտման մրցումներուն: Նշենք, թէ տասնվեց խմբակներու մէջ բաժնուած ութսուն խումբեր կը պայքարին Դ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին համար: Իւրաքանչիւր խումբ պիտի կատարէ չորս մրցում: 16 խմբակները գլխաւորող խումբերը ձեռք պիտի բերեն երկրորդ հանգրուան անցնելու եւ պայքարը շարունակելու ուղեգիր: Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւանի տղաքը, Շաբաթ, 25 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.- Տեմիրճեան կեդրոնի «Անդրանիկ» մարզադաշտին մէջ՝ 69-53 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Ափոլլօ-Պաթա խումբին: Նշենք, թէ առաջին մրցումին, Անդրանիկ Սեւան՝ 64-34 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Համլայան: Անդրանիկ Սեւանի երրորդ եւ յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Քըրնէթ Շահուանը: Մրցումը պիտի կայանայ Կիրակի, 2 Օգոստոս 2015, առաւօտեան ժամը 10.00 -ին, Շամվիլի մարզադաշտին մէջ: After 3 consecutive wins a) 64-34 against Hamlaya b) 69-53 aginst Apollo-Bata and the 3rd one on the 2nd of August against Qornet Shahwan 90-45 in AGBU Demirdjian Court. Our team will have good chance to be qualified for 3rd division.