← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

9 Aug 2015 · Governance

Congratulatory visit to Armenian Catholic Patheriarch

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան արարողակարգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 9 Օգոստոս 2015-ի, երեկոյեան, Զմմառու Տիրամօր վանքի շրջափակը: Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հռոմի Ս. Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Գաչան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, հայ եւ օտարազգի բարձրաստիճան հոգեւորականներ, պետական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց մէջ՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի, կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի տիկին Սիլվա Լիպարիտեանը, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, անդամներ Վաչէ Մելքոնեանը եւ Շահան Սեմերճեանը:

Photographs (2)