12 Aug 2015 – 21 Aug 2015 · Sports
AGBU-AYA Chess team in 2nd Position
ՀԲԸՄ- ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2015-ին տրուեցաւ Լիբանանի ճատրակի Ա. Դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ազդանշանը: Ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցեցան տասը ակումբներ՝ Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Անթիլիաս, Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիաս, Լիբանանեան Բանակի խումբը, Ահլի Սայտա, Անսար, Թենմիյէ, Ռիատի, Մաշարիյ, Ռուսական Համալսարաններէ Շրջանաւարտներու Համախմբումը եւ Ֆրերներ: Մրցումներուն գլխաւոր իրաւարարն էր միջազգային ֆետերասիոնի անդամ Ամմար Հաթումը, օգնական ունենալով միջազգային կարգի իրաւարար Էլի Հոլիշեանը: Ախոյեանութեան մրցումները կայացան ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շահատէ Ապու Նըմրիի հովանաւորութեան տակ: Ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումները կայացան Պէյրութի Արաբական Համալսարանի ճարտարագիտութեան սրահին մէջ, իսկ երկրորդ հանգրուանը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Զապէլ Մովսէսեան Կեդրոնին մէջ: Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Անթիլիասի ճատրակի խումբը ցուցադրեց փայլուն խաղ եւ արժանի մրցակից մը դարձաւ իր բոլոր մրցակիցներուն դէմ: Ախոյեանութեան վերջին ՝9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 21 Օգոստոս 2015-ին Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Զապէլ Մովսէսեան Կեդրոնին մէջ,, Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ՝ 4.5-1.5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հ.Մ.Ը.Մ-Անթիլիասը եւ գրաւեց խմբային ախոյեանութեան Բ. դիրքը հաւաքելով 16 կէտ: Անսար 18 կէտով շահեցաւ ախոյեանութիւնը: Հ.Մ.Ը.Մ.- Անթիլիաս 14 կէտով 3-րդ հանդիսացաւ: