Apr 2015 · Education
AGBU Boghos K. Garmirian school Easter
Ս. Յարութեան տօնին առիթով կարմիրեանցիները դպրոցի սրահին մէջ նախ աղօթեցին, յետոյ Տէր Սարգիս քահանային միջոցաւ հաղորդութիւն ստացան, ապա ուղղուեցան դպրոցին բակը, ուր իրենց համար հաճելի խաղերու փունջ մը պատրաստուած էր: Աշակերտները զգացին տօնին խորհուրդը եւ սկսան վայելել արձակուրդը: