22 Dec 2015 · Education
AGBU Boghos K. Garmirian school New Year celebrations
Հ.Բ.Ը.Մ. –Ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Աշակերտութիւնը Ցնծութեամբ Դիմաւորեց Ամանորը Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին Յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասերէ, առաջին մասը կ'ընդգրկէր թատերական ներկայացում մը Թ. դասարանի աշակերտներու կատարողութեամբ, որմէ ետք աշակերտները խմբակներու բաժնուեցան եւ խաղացին զանազան զուարճալի եւ հետաքրքրական խաղեր: Խաղերու աւարտին Զ. կարգի աշակերտները ստացան մէկական մարզական գնահատանքի մետալներ, իրենց միջ դասարանային ձեռք ձգած յաջողութիւններուն համար: Յայտագիրին երկրորդ մասով, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով ծնողք, աշակերտները ներկայացուցին հաճելի կեղարուեստական յայտագիր մը: