← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

17 Feb 2015 · Education

AGBU Tarouhy-Hovagimian "Vartanants"

Mr. Sarkis Nadjarian was the key speaker of today’s “Vartanants” Battle Day Commemoration-selebration at AGBU Tarouhy-Hovagimian school. 17
Փետրուար 2015ին, մեր աշակերտութիւնը եւ ուսուցչակազմը համախմբուած էին վարժարանիս հանդիսասրահը, միասնաբար նշելու Վարդանանց պատերազմի սրբազան սխրանքը, որ հայ ժողովուրդին համար դարձաւ պաշտամունքի համազօր պատմականութիւն մը, նոր ուղի բանալով անոր տարերգութեան մէջ: Հանդիսութեան բացումը կատարեց 10րդ դասարանցի Լիւսի Թապագեանը, որ օրուան տօնակատարութեան կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք, բեմ հրաւիրեց Հայոց պատմութեան ու գրականութեան ուսուցիչ Պրն. Պարոյր Աղպաշեանը, որպէսզի ներկայացնէ օրուան հիւր բանախօս`Պրն. Սարգիս Նաճարեանը: Բանախօսը կարեւորեց Վարդանանց պատերազմի գործընթացը, անոր պատճառներով ու հետեւանքներով, հրամայականներով եւ արդիւնքներով, որոնք թէեւ եղան աղիտալի, բայց Վարդաններու հզօր կամքը, ինչպէս նաեւ ազգային ու կրօնական պատկանելիութիւնները դարձան ազդու գրաւականներ, կառչելու հայկական ինքնութեան սկզբունքներուն:

Photographs (2)