← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

26 May 2015 · Education

AGBU Tarouhy-Hovagimian "Gratitude To theTeachers"

ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան Երախտապարտութիւն, Ուսուցիչ-Ուսուցչուհիներուն: Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի աշակերտութիւնը, 26 Մայիս 2015ին, գեղեցիկ եւ ինքնատիպ գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուց, որ նուիրուած էր ուսուցչութեան, առ ի երախտագիտութիւն անոր առաքինութեան եւ առաքելութեան, հասցնելու օրինակելի ու գիտակից սերունդներ: Մտայղացումը ու պատրաստութիւնը այս ծրագրին, կը պատկանէր 11րդ դասարանի ուսումնատենչ աշակերտ Յարութ Կիւլիւզեանին: Ան առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան, առանձինն «յաջողցուց» այս յիշատակելի ատենամարզանքի պահը, իր եւ իր դասընկերներուն երախտապարտութիւնը յայտնելով իրենց դաստիարակներուն:

Photograph