6 Nov 2015 · Education
2015 Nov 6 AGBU Tarouhy-Hovagimian school Alumni gathering
Շրջանաւարտներու Հաւաքը Կը Վկայէ Դարուհի-Յովակիմեան Ընտանիքի Ճիւղերու Որակաւորումը Եւ Արդիւնաւէտութիւնը: Որեւէ կրթարանի մը գոյութեան ու բարգաւաճման երաշխիքը, անտարակոյս, իր իրերայաջորդ հունձքերն են: Վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբը, կենդանացնելու համար գեղեցիկ աւանդութիւնը, տնօրէնութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպած էր հաւաք մը, Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2015ին, երեկոյեան ժամը 7:30-9:30, համախմբելու համար շրջանաւարտներն ու նախկին սաները: Պրն. Տնօրէնը յիշելով իր նախորդներուն, Պրն. Արա Թոփճեանի եւ Պրն. Ժիրայր Դանիէլեանի կրթական շինիչ դերակատարութիւններն ու զգալի ներդրումները, , իր գոհունակութիւնը փոխանցեց, որ վարժարանին ջահերթը անսայթաք կ’ընթանայ. ապա, ամպիոնը յանձնուեցաւ Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի9 Տիկ. Լենա Իւրնէշլեանին, որ իր վարչականներէն, Տիկ. Սինթիա Մենտիլեանի ու Պրն. Մայք Կիրիթլեանի հետ, կը պատուէին այս հաւաքը: Օրուան պատգամներու և գեղարուեստական յայտագրի վերջին բաժնին մէջ շրջանաւարտներ Լիտա Կիրիթլեան եւ Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան, իրենց դպրոցական շրջաններէն յուշային պատումներիով հանդէս եկան: Երեկոն համեմուած էր բարձրարժէք «Լօ»ի մը վիճակահանութեամբ, որուն հասոյթը, բնականաբար,պիտի յատկացուէր վարժարանի կրթաֆոնտին:
Photographs (5)