← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

24 Nov 2015 · Education

AGBU Tarouhy-Hovagimian Idependance Day

ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան Անկախութեան 72րդ Տարեդարձի Նշում (Դրօշակի Արարողութիւն, Ոգեկոչում)Վարժարանը այդ օր կը նշէր Լիբանանի անկախութեան 72րդ տարեդարձը: Առաւօտուն, հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, սկաուտական տպաւորիչ կատարողութեամբ եւ օրինապահ լրջութեամբ: Ատենամարզանքի պահը եւս նուիրուած էր անկախութեան, արաբերէնի ուսուցչուհի` Օրդ. Միրինտա Սալէմէ ցուցմունքներով աշակերտութինը ներկայացուց օրուան յայտագիրը: Ցուցադրուեցաւ Ռաշայա քաղաքին մասին վաւերագրական-պատմական, աշխարհագրական-տեսարանական ժապաւէն մը, ուր ծնունդ առած էր անկախութիւնը; հետաքրքրական բաժին մըն էր «Անկախութեան պատմութիւնը», որ աշակերտական խմբային երգեցողութեամբ մատուցուեցաւ: Անկախութեան նուիրուած այս յիշատակելի տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ «Մաութինի» ազգաշունչ խմբերգով:

Photographs (2)