24 Nov 2015 · Education
AGBU Tarouhy-Hovagimian Lucy T. Goguigyan Est. "Albayan" Award
«Կոկիկեան» մրցանքին առաջին հանդիսանալով Պատուաբեր Յաջողութիւնը Լիւսի Թապաքեանին Վերջին տարիներուն, «Կոկիկեան» հիմնարկը կը կազմակերպէ «Պայան» շարադրական մրցանք մը, որուն կը մասնակցին Լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի բարձրագոյն նիշեր ապահոված աշակերտ-աշակերտուհիները: Այս տարի եւս, 24 Նոյեմբեր 2015ին, Հայկազեան համալսարանի մէջ, հանդիսաւորապէս պարգեւատրուեցան առաջին երեք տեղերը գրաւող մրցանակակիրներ, ի ներկայութեան հիմնարկի տնօրէնութեան, կրթական պատասխանատուներու, արաբերէնի ուսուցիչներու ու դատական կազմի: Ուրախ ենք տեղեկացնելու, թէ այս մրցանքին առաջին հանդիսացաւ ՀԲԸՄիութեան Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի ուսանողուհի Լիւսի Թապաքեանը, որ ընթերցեց նաեւ իր շարադրութիւնը, մինչ վարժարանիս տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան ստանձնեց «Պայան»ի յուշանուէր-մրցանակը: