← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

4 Dec 2015 · Education

AGBU Tar-Hovagimian & Nazarian sch. Parents Meeting

ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան եւ Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարաններ Ծնողական Ժողով-Դասախօսութիւն Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2015, ժամը 2:00ին, Զապէլ Մովսէսեան հանդիսասրահը խուռներամ էր ծնողներով, որոնք եկած էին նախ ունկնդրելու հոգեբանական-դաստիարակչական դասախօսութիւն մը, ապա, մօտէն ծանօթանալու դպրոցական կեանքին եւ իրենց զաւակներուն ուսումնական աշխատանքներուն: Հոգեբան Օրդ. Միրիամ Սալխանեան, շուրջ կէս ժամ խօսեցաւ ներընտանեկան այն մթնոլորտին մասին, որ կը վերաբերէր դպրոցական զաւակներու վարք ու բարքին, հոգեբանական ազդեցութիւններուն ու դաստիարակչական վարմունքներուն, որոնց հիման վրայ անոնք պէտք է աճին ու կրթուին, որպէս տիպար սերունդի ներկայացուցիչներ: Այնուհետեւ, Պրն. Վասիլեան անդրադարձաւ զոյգ վարժարաններու աշակերտներու արձանագրած յաջողութիւններուն, ուսումնական, մարզական, մշակութային թէ ընկերային մարզերէն ներս, խօսեցաւ տուն-դպրոց յարաբերութիւններու մասին, շեշտեց դպրոցական օրէնքները յարգելու եւ գործադրելու անհրաժեշտութեան վրայ, ապա, յայտարարեց դասարանային միջիններուն արդիւնքները, պատուոյ յիշատակութեան ու գերազանցութեան արժանացնող աշակերտ-աշակերտուհիներուն անունները, ծնողներուն բուռն ծափահարութիւններու տարափին տակ: Հուսկ, ծնողները ստացան իրենց զաւակներուն Ա. քառորդի վիճակացոյցները, պատկան ուսուցիչներուն հետ խորհրդակցելով ու զրուցելով անոնց ուսումնական ու վարքային կարգավիճակներուն մասին: