29 Nov 2015 · Social
AGBU-Antranik Youth association Genaral Assembly
AGBU-AYA General assembly All COMMITTEES YEARLY MEETING The General Assembly of AGBU-AYA took place on Sunday, 29 of November 2015, at AGBU Demirdjian centre. More 150 delegates of the AYA various committees in Lebanon participated in the General Assembly, including members AGBU District and Education Committee members “Khosnag” Editor and AYA Central committee members. Representatives of cultural, scouting, sports field events presented their yearly reports with new suggestions. Discussions aimed at improving AYA’s organizing and propaganda abilities . “Unity is the symbol of our existence” said AYA chairman Vicken Tcherchian pointing out that the forthcoming year coincides with four anniversaries. Respectively the 110th , 85th, 80th and 75th anniversaries of AGBU, AYA, AYA Scout’s movement and University Student’s Gathering. ·
ՀԵԸ-Ի ԸՆՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ Ի ներկայութիւն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերու եւ վարչութիւններու անդամ -անդամուհիւներուն, Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան, ժամը 9.30-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան կատարեց տարեկան Ընդհանուր Համագումարին բացումը: Այս առիթով, ՀԵԸ-ի ատենապետը ողջունեց ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի տիկին Սիլվա Լիպարիտեանի, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի տիկին Լենա Քարակէօզեան- Իւրնեշլեանի, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» ամսաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանի մասնակցութիւնը Համագումարին: Ներկաները մեծ պաստառի վրայ հետաքրքրութեամբ ըմբոշխնեցին հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր ափերու վրայ ՀԲԸՄ-ի ծաւալած ազգաշէն ծառայութիւնները խտացնող տեսաերիզ մը, որուն յաջորդեց մասնաճիւղերու եւ վարչութիւններու տեղեկագիրներու ընթերցումը: Հերթաբար խօսք առին ՀԵԸ-ի տարբեր մասնաճիւղերը եւ վարչութիւնները ներկայացնող 26 զեկուցաբերներ (Անդրանիկ Մշակութային Մարմին, «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութիւն, «Արին» պարախումբի տիկնանց վարչութիւն, Ալեք Մանուկեան Պէյրութի Շրջանի վարչութիւն, Անդրանիկ Պասքեթպոլի, ֆութպոլի, փինկ փոնկի, Ճատրակի վարչութիւններ, Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումի վարչութիւն, Անդրանիկ Երիտասարդաց Համախմբումի վարչութիւն, Համալսարանականներու Համախմբումի վարչութիւն, Կրտսերաց վարչութիւն, Զահլէի տեղական վարչութիւն, Անդրանիկ Անթիլիասի Ընկերային վարչութիւն, Անդրանիկ Անթիլիասի Սկաուտական Շարժումի Ծնողաց վարչութիւն, Անդրանիկ Անթիլիասի Սկաուտական վարչութիւն, Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմին, Ահրամճեան Կեդրոնի Տեղական վարչութիւն, Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմին, Անդրանիկ Սեւանի Սկաուտական Շարժումի Ծնողաց վարչութիւն, Անդրանիկ Սեւանի Սկաուտական Վարչութիւն, Անդրանիկ Սեւանի «Միշտ Պատրաստ»ի խմբագրութիւն, Անդրանիկ Սեւանի Ընկերային վարչութիւն, Անդրանիկ Փողերախումբի վարչութիւն: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան երկու հաճելի անակնկալ մատուցեց Համագումարին: Ան, յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւատրեց տիկին Լենա Քարակէօզեան- Իւրնեշլեանը, Լիբանանի Արենուշական Ֆետերասիոնի նախագահուհի նշանակուելու առիթով ,աւելցնելով որ տիկին Իւրնեշլեանը վերջերս նշանակուած է ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Վարչութեան Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի: Երկրորդը՝ շնորհակալական խօսք մը ուղղուած՝ ՀԵԸ-ի Վեթերաններու Համախմբումի ժրաջան անդամ Ռաֆֆի Միքայէլեանին՝ Համագումարի մասնակիցներուն գրպանակալներ (Փորթըքլէ), ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Փողերախումբին երաժշտական գործիքներ սրտաբուխօրէն նուիրելու առիթով: Համագումարին երկրորդ բաժնին մէջ վարչութիւնները ներկայացուցին յառաջիկայ տարուան իրենց ծրագիրները: Անոնք ներկայացան նոր առաջարկներով: Համագումարը փակուեցաւ ազգային, միութենական ծառայութեան վերանորոգ ուխտով եւ յանձնառութեամբ: