12 Jan 2015 · Education
AGBU Tarouhy-Hovagimian "Yeghishe Tcharents"
AGBU Tarouhy-Hovagimian 12th grade students directed by Miss. Salpy Tchoulfaian presented a cultural program dedicated to the Armenian poet Yeghishe Tcharents
ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի աշակերտութիւնը գրական վայելքի իւրայատուկ պահ մը ապրեցաւ, 12 Յունուար 2015ի ատենամարզանքը յատկացուած ըլլալով Եղիշէ Չարենցի յիշատակին: Նախաձեռնողն ու կազմակերպողն էր վարժարանիս հայ գրականութեան ուսուցչուհի Օրդ. Սալբի Ճուլֆայեան, որ խնամուած յայտագիր մը պատրաստած էր Եղիշէ Չարենցի մասին, 10րդ գիտական դասարանի մասնակցութեամբ: Օրդ. Ճուլֆայեան համեմուած էր Չարենցի եւ անոր ընտանիքէն քաղուած գողտրիկ դրուագներով, հետաքրքրական պատումներով ու յիշատակելի մանրամասնութիւններով, ուր կը մարմնաւորուէր Չարենց մարդուն, հայուն ու բանաստեղծին նկարագիրը, պատկանելիութիւնն ու ստեղծագործութիւնը: Չարենցի մասին տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ: