15 May 1959 · Humanitarian
1959 May 15 AGBU Beirut Ladies Auxiliary organized the Juniors cultural program
1959 May 15 AGBU Beirut Ladies Auxiliary organized the Juniors cultural program, dedicated to the AGBU juniors members…
«Շաբաթ, 15 Մայիսի էետմիջօրէին, ՀԲԸՄի Պէյրութի Տիկնանց Մասնաժողովը գեղեցիկ գաղափարն ունեցած էր կազմակերպելու Հանդէս-հաւաքոյթ մը՝ նուիրուած Միութեան կրտսերներուն: Հարիւրէ աւելի փոքրիկներ և կոկիկ բազմութիւն մը մայրերու և Մասնաժողովի անդամուհիներուն, լցուցած էր ՀԲԸՄիութեան Պէյրութի Տունը: Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը՝ գրեթէ ամբողջութեամբ կրտսերներու կողմէ: Իր բացման խօսքին մէջ Ատենապետուհի Տիկ. Նուարդ Գրիսէփ բարեգալուստ մաղթելէ ետք ետք փոքրիկներուն, յորդորեց որ մեծնան առողջ միտքով և դատողութեամբ և Բարեգործականի ուղիով ծառայեն հայ ազգին: Ապա Ատենադպրուհի Տիկ. Ռեժին Թորոսեան վարեց յայտագիրը: Դարուհի Յակոբեանի սանուհիները մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցին «Քաջ Նազարը» Երուանդ Տեմիրճեանի փոքրիկ սանուհիները ներկայացուցին հայկական պար մը՝ տոհմիկ տարազներով, խլելով բուռն ծափեր: Ապա բազմաթիւ փոքրիկներ մասնակցեցան յայտագրին՝ նեներգով, նուագով կամ տրամախօսութեամբ...» Ապա բոլոր փոքրիկները և ներկաները հիւրասիրուեցան զովացուցիչներով: Փոքրիկները ստացան նաեւ փոքրիկ դոյլերով շաքարեղէն...»